Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաուլաուի. «Քեփթակոնի Մաքսանենգման Թղթածրարին Հետ Հըզպալլայի Մեղսակցութեան Ոչ Մէկ Փաստ Կայ»

January 15, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ պէտք է վստահիլ պետութեան եւ յուսալքումին չյանձնուիլ: Ես ամէն ջանք ի գործ դրած եմ օրինական եւ անհրաժեշտ քայլերուն դիմելու, որպէսզի կարելի ըլլայ առաջքը առնել արաբական քոյր երկիրներուն դէմ ցեխարձակումներուն եւ անոնց վրայ յարձակումներուն:

Մաուլաուի յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա միշտ զօրակցած է Լիբանանին` աւելցնելով, որ Լիբանանի պարտականութիւնն է պահպանել Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն հետ իր յարաբերութիւնները:

«Մենք կարիքը ունինք, որ Սէուտական Արաբիա շարունակէ նեցուկ կանգնիլ Լիբանանին», հաստատեց Մաուլաուի:

Մաուլաուի նկատել տուաւ, որ «Քեփթակոն» թմրեցուցիչ դեղահատերու մաքսանենգումի թղթածրարին հետ Հըզպալլայի մեղսակցութեան կամ առնչութեան ոչ մէկ փաստ կայ: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի սահմանները պէտք է հակակշիռի տակ պահել, յատկապէս ցամաքային սահմանները:

Մաուլաուի ընդգծեց, որ Թրիփոլիի մէջ ՏԱՀԵՇ-ը զինուորագրած է 37 երիտասարդներ, որոնցմէ 10-ն օրինական կերպով ճամբորդած են, երկուքը` սպաննուած: Ան նկատել տուաւ, որ իրենք այս թղթածրարին ամէնօրեայ դրութեամբ կը հետեւին` աւելցնելով, որ ինք ապահովական մեծ վտանգներ չի նշմարեր երկրին մէջ` բացի այն, որ աւազակութիւններու թիւը բարձրացած է:

Մաուլաուի նկատել տուաւ, որ ճիշդ չէ դատական իշխանութիւններու աշխատանքին միջամուխ դառնալ, յատկապէս` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի թղթածրարին առնչութեամբ:

Մաուլաուի նշեց նաեւ, որ Ներքին ապահովութեան ուժերուն շարքերէն ցարդ 5 սպաներ եւ 474 ոստիկաններ փախուստ տուած են:

Մաուլաուի եզրափակեց, որ կառավարութեան նպատակն է երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Պուչիքեանի Հետ Քննարկեց Անոր Իրաք Կատարած Այցելութեան Արդիւնքները

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.