Հայկական «Ֆլայուան Արմենիա»-ն Թուրքիոյ իշխանութիւններէն Երեւան-Պոլիս-Երեւան ուղղութեամբ թռիչքներ կատարելու արտօնութիւն ստացած է: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է «Ֆլայուան Արմենիա» ընկերութեան տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Արամ Անանեան:
«Ֆլայուան Արմենիա» օդանաւային ընկերութիւնը Թուրքիոյ թռիչքներու իշխանութիւններէն արտօնութիւն ստացած է Երեւան-Պոլիս-Երեւան թռիչքներ կատարելու: Առաջին թռիչքը կը նախատեսուի 2 փետրուարին», նշած է Անանեան:
Նախապէս «Ֆլայուան Արմենիա» օդանաւային ընկերութեան խորհուրդէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած էին, որ Հայաստանի Հանրապետութեան թռիչքներու իշխանութիւնները «Ֆլայուան Արմենիա» ընկերութեան արտօնութիւն տուած են Երեւան-Պոլիս-Երեւան վարձաչուերթային թռիչքներ կատարելու:
Ընկերութիւնը թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Թուրքիոյ թռիչքներու իշխանութիւններուն դիմած էր վարձաչուերթային թռիչքներ կատարելու խնդրանքով, իսկ 16 դեկտեմբերին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած էր, որ Անգարան կը քննէ Պոլիս-Երեւան-Պոլիս թռիչքներու բացման վերաբերեալ թրքական եւ հայկական օդանաւային ընկերութիւններու դիմումները:
23 դեկտեմբերին յայտնի դարձաւ, որ ըստ Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու եւ ենթակառոյցներու նախարարութեան յայտարարութեան, թրքական պիւտճէական «Փեկասըս» օդանաւային ընկերութիւնը կը պատրաստուի դէպի Երեւան թռիչքներ կատարելու:



