Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ

February 21, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 15 փետրուար 2012-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտները նշեցին Վարդանանց պատերազմի յիշատակը եւ Արցախի ազատագրումը, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը կարդաց Ը. դասարանէն Սարհատ Հանտեան, որ անդրադառնալով Աւարայրի  ճակատամարտին եւ Արցախեան գոյամարտին ըսաւ. «Հայը միշտ զոհուած է իր ազգին, հայրենիքին եւ կրօնքին համար ու միշտ հասած է իր նպատակին: Ինչպէս Գէորգ Չաւուշ ըսած է. «Յեղափոխութիւն, պատրաստ եմ անձս անգամ զոհելու գերագոյն նպատակիդ համար: Թող մարին աչքերս, միայն թէ, թող ծագի Հայաստանի անկախութեան արեւը»: Մեր ձայնը կը միացնենք Մամիկոնեաններուն, Գէորգ Չաւուշներուն, Արամ Մանուկեաններուն, Պետօներուն, ճեմարանական Վիգէն Զաքարեաններուն եւ կ՛ըսենք, որ դուք կաք ու կը մնաք մեր սրտերուն մէջ, որովհետեւ «Մահ ոչ իմացեալ մահ է, մահ իմացեալ անմահութիւն է»:

Բացման խօսքէն ետք, Դ. դասարանէն խումբ մը աշակերտներ երգեցին «Հիմի՞ Էլ Լռենք»-ը, ապա Ե. դասարանէն աշակերտներ ներկայացուցին Վարդանանց պատմութեան առաջին մասը` 387-ի բաժանումէն ետք Արեւելեան Հայաստանի մարզպանութեան շրջանը, պարսիկ թագաւոր Յազկերտի ծրագիրն ու հրովարտակը, մինչեւ հայ նախարարներուն Տիզպոն կանչուիլը: Ապա Թ. դասարանի աշակերտները Դերենիկ Դեմիրճեանի «Վարդանանք»-ի «Բանտին մէջ» հատուածին թատերական ներկայացումով ներկաները փոխադրեցին Տիզպոն, ուր Յազկերտի հրաւէրին ընդառաջելով` հայ նախարարները ինկած էին պարսիկ արքային ծուղակը, սակայն անոնք երդում տուին առ Աստուած հաւատարիմ մնալու իրենց հաւատքին:

Թատերական ներկայացումէն ետք, Ե. դասարանի աշակերտները շարունակեցին պատմութիւնը` ներկայացնելով Աւարայրի Ճակատամարտին նախապատրաստութիւնը: Ապա ցուցադրուեցաւ Աւարայրի Ճակատամարտին մասին տեսասալիկ մը, որմէ ետք Ե. դասարանի աշակերտները Վարդանանց պատմութիւնը աւարտեցին «Մահ իմացեալ անմահութիւն է, մահ ոչ իմացեալ մահ է» խօսքով:

Ը. դասարանէն Սագօ Եագուպեան արտասանեց «Մեզի հայ կ՛ըսեն»-ը, որմէ ետք Ե. դասարանէն խումբ մը աշակերտներ երգեցին «Ղարաբաղ իմ»-ը: Ապա ցուցադրուեցաւ Արցախեան պահանջատիրութիւնը ներկայացնող տեսասալիկ մը` Է. դասարանի աշակերտներուն մեկնաբանութեամբ:

Զ. դասարանէն Ռազմիկ Տէրունեան ասմունքեց «Դուք» բանաստեղծութիւնը, ապա Դ. դասարանի աշակերտները պարեցին «Արցախ»-ը, որմէ ետք օրուան պատգամը փոխանցեց Երեւանի Անանիա Շիրակացի Ճեմարանի ուսուցչուհի Աշխէն Գրիգորեան: Անդրադառնալով հայոց պատմութեան երկու կարեւոր իրադարձութիւններուն` ան ըսաւ. «Մի՛ մոռնաք անցեալը, ան ապագայի ուսուցիչն է»: Աշխէն Գրիգորեան օրուան լաւագոյն պատգամը նկատեց Վարդան Մամիկոնեանի ճառը եւ ընթերցեց զայն, ապա Արցախի ազատագրական պայքարի հանգրուաններուն անդրադառնալէ ետք իր խօսքը փակեց ըսելով. «Չմոռնաք ուրկէ՞ եկած ենք, ի՛նչ կ՛ընենք եւ ո՞ւր կ՛երթանք»:

Վարդանանց տօնակատարութիւնը փակուեցաւ Արցախի քայլերգին ունկնդրութեամբ:

***

Նոյն օրը, Լսարանական միութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Արցախեան պայքարին նուիրուած ձեռնարկ` «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ:

Ձեռնարկի բացման խօսքը ընթերցեց Լսարանական միութեան նախագահ Սարհատ Գեթսեմանեան, որ հակիրճ ձեւով ներկայացուց Արցախեան պայքարի նախապատմականը, որ կը սկսի պատմական «Հին Աղուանք»-ի տարածքին, 1918-ին Ազրպէյճան կոչուած նորաստեղծ պետութեան մը անկախութեան հռչակումով, ապա` Խորհրդային Միութեան առաջնորդ Ստալինի որոշումով ԼՂԻՄ-ի Ազրպէյճանի հողերուն միացումով` հասնելով մինչեւ Արցախեան ազատագրական պայքարի սկիզբ:

Բացման խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ 1988-էն մինչեւ 1994-ի զինադադարը ներկայացնող տեսերիզի ցուցադրութիւն, որմէ ետք խօսք առաւ օրուան բանախօս Բենիամին Պչաքճեան:

Բանախօսը համակարգչային սալիկներով ներկայացուց Ստալինի անարդար որոշումով Ազրպէյճանի տիրապետութեան տակ ինկած Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը, որ սահման չունէր Հայաստանի հետ: 1921-էն 1988 պետական քաղաքականութեամբ քիւրտեր ու թուրքեր բնակուեցան Արցախը Հայաստանին միացնող տարածքին վրայ, որպէսզի սահման չմնայ: Այդ տարածքը Հայաստանին վերամիացնելու համար դէպի Մոսկուա կատարուած բազմաթիւ դիմումները մնացին անպատասխան: Բ. Պչաքճեան ապա խօսեցաւ 20 փետրուար 1988-ի մասին, երբ Խորհրդային Միութեան փլուզման օրերուն Ղարաբաղի խորհրդարանը մեծամասնութեամբ քուէարկեց Ազրպէյճանի Խորհրդային Հանրապետութենէն անջատուելու եւ խորհրդային Հայաստանի Հանրապետութեան միանալու որոշումը, որուն հետեւանքով տեղի ունեցան Սումկայիթի եւ Պաքուի մէջ բազմահազար հայերու ջարդն ու տեղահանութիւնը: Ազերիական բռնութիւններուն ու հալածանքին դէմ սկսաւ հայկական պայքարը` վերագրաւելու եւ տիրանալու պապենական հողերուն:

Պչաքճեան Արցախի ազատագրման հանգրուաններն ու ազատագրուած տարածքները քարտէսի ցուցադրութեամբ ներկայացնելէ ետք, ըսաւ.«Եթէ միջազգային հանրութիւնը կ՛ընդունի Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ այլ պետութիւններու անկախութիւնը, ապա ան պէտք է ընդունի նաեւ 1991-ի Ղարաբաղի անկախութեան հանրաքուէն»:

Արցախի վերանկախացման զանազան հանգրուանները մինչեւ 2006-ի զինադադարը ներկայացնելէ ետք,  Բ. Պչաքճեան ցուցադրեց 11.500 քառ. քմ. տարածք ունեցող Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան քարտէսը, սահմանակից երկիրները, 7 մարզերը, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւրին գիւղատնտեսական թէ ռազմավարական կարեւորութիւնը:

Բանախօսը անդրադարձաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի հովանիին տակ տեղի ունեցող բանակցութիւններուն այժմու հանգրուանին: Արցախի պատմական կոթողներու ու վայրերու պատկերներու ցուցադրութենէն ետք, ան իր խօսքի աւարտին ներկայացուց Արցախ ֆոնտի «Նոր կեանք, նոր յոյս» ծրագիրը, որ կը միտի Արցախի ազատագրուած տարածքները վերաբնակեցնելու համար բնակչութեան կենսամակարդակը բարձրացնել: Բ. Պչաքճեան «Մեր ճիտին պարտքն է ազատագրուած տարածքները վերաբնակեցնել, զանոնք գրաւիչ դարձնել ու կենցաղային հանգստաւէտ պայմաններ ստեղծել»:

Բանախօսութենէն ետք Մարլինա Քէշիշեան նուագեց «Կախարդական սրինգ»-ը, որուն յաջորդեցին Սասնոյ լեռնցիներու պարը եւ Գետաշէն երգը: Ձեռնարկը փակուեցաւ Արցախի քայլերգով:

 

 

Նախորդը

ՍՈՒՐԷՆ ԽԱՆԱՄԻՐԵԱՆ ՔՈԼԵՃԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԸ ՆՇԵՑԻՆ ԿՐԱԿԻՆ ՇՈՒՐՋ

Յաջորդը

ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ. «ՀԱՅՐԵՆԻՔՍ, ՀԱՅՐԵՆԱԿԻՑՆԵՐՍ, ԵՍ» ՀԵՂԻՆԱԿ Ղ. ԺԻՐԱՅՐ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.