Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ. «ՀԱՅՐԵՆԻՔՍ, ՀԱՅՐԵՆԱԿԻՑՆԵՐՍ, ԵՍ» ՀԵՂԻՆԱԿ Ղ. ԺԻՐԱՅՐ

February 21, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Մեր ձեռքին ունինք Ղ. Ժիրայրի (աւազանի անունով` Ժիրայր Ղարիպեան) վերջերս Երեւանի մէջ լոյս տեսած, «Նահապետ» հրատարակչատունը տպուած գիրքը, զոր մկրտած է «Հայրենիքս, հայրենակիցներս, ես»: 288 ծաւալուն էջերով ներկայացուած այս հատորը կը պարփակէ հեղինակին կատարած հարցազրոյցները եւ իր գրական ու ազգային-մշակութային եռուն գործունէութեան մասին արձանագրուած կարծիքներ, տպաւորութիւններ, դրուատիքներ:

Լիբանանահայ մտաւորական դասը կարդացած է այս երիտասարդին գրութիւնները պարբերաբար «Բագին» ամսագրի եւ «Ազդակ»-ի էջերէն: Ըսել կ՛ուզենք լիբանանահայ լայն զանգուածին անծանօթ գրիչ մը կամ մշակութային գործիչ մըն է:

Ժիրայր Ղարիպեան ծնած է Պաղտատ, 1937-ին, բայց երկար տարիներ չէ մնացած այս քաղաքին մէջ: Տարբեր առիթներով գացած է Թեհրան, Եգիպտոս համալսարանական ուսումը ստացած է Լոնտոնի մէջ, իր վերջնական կայքը եղած է Միացեալ Նահանգներու Պոսթըն քաղաքը, ուր գործած է մինչեւ իր վաղամեռիկ կեանքը, 1991: Այս քաղաքին մէջ ան հիմնած է իր «Հայկական անկախ ռատիոժամ»-»ը ուրկէ հեռասփռած է հայ երգն ու հայ գրականութեան էջերէն ասմունքային յայտագիրներ, հարցազրոյցներ եւ մշակութային ու ազգային տեղեկութիւններ:

Կարճատեւ եղած է նուիրեալ երիտասարդին կեանքը, հազիւ` յիսնամեակ մը, երբ ան կը գտնուէր իր զօրեղ ուժերուն արտայայտութեան ճանապարհին: Հայրենասիրական վառ ապրումներով երիտասարդ մը, որուն գերագոյն երազը եղած է Հայաստանը, ուր գացած է բազմիցս, նոյնիսկ` տարին քանի մը անգամ, գոհացում տալու համար հայրենասիրական իր ջերմ զգացումներուն: Հայրենիքի մէջ ան հանդիպումներ ունեցած է արուեստագէտներու, գրողներու, երաժիշտներու եւ այլ երեւելի անձնաւորութիւններու հետ:

Կատարած է միութենական-վարչական պաշտօններ` Թեհրանի, Գահիրէի, Պոսթընի մէջ, խանդավառելով, քաջալերելով, երիտասարդները խրախուսելով պահպանելու իրենց հայկական ինքնութիւնը:

Հատորին երկրորդ մասը նուիրուած է հեղինակին մասին արտայայտուած դրուատիքներու, որոնցմով երեւան կու գայ Ժիրայր Ղարիպեանի ազգասէր ու հայրենասէր խառնուածքը, անշահախնդիր կեցուածքը, հայուն արժանիքներն ու ազգային արժէքները ամուր պահելու օրինակելի վարքը:

Իր կատարած հարցազրոյցներուն հետ տպուած են նաեւ ենթականերուն լուսանկարները` առաւել կենդանի դարձնելով զրոյցները:

Կարդալով հարցազրոյցները` կը տեղեկանանք իւրաքանչիւր զրուցողին տրամադրութեան, մտածումներուն, հայուն կատարելիք պարտականութիւններուն, որդեգրելիք հայանպաստ դիրքաւորման, հայակերտումի անհրաժեշտութեան, Հայաստան-սփիւռք կապին, գաղափարական համոզումներուն եւ այլ մտահոգութիւններու: Ժիրայր Ղարիպեանին համար Հայաստան ամէն բանէ վեր է, մեր վերջնական ու ճակատագրական հաւատամքը, մեր լինելութեան գրաւականը: Միացեալ կամքով կարելի է պահպանել հայրենիքը, մեր լեզուն եւ մեր մշակոյթը, մեր առհաւական գանձերը:

Անկեղծ հայրենասէրի արձանագիրն է «Հայրենիքս, հայրենակիցներս ես» հատորը` հայատրոփ շնչառութեամբ ստեղծագործուած: Վարքն է հայորդիի մը, որ ճակատագրին չար կատակով, անողոք ախտի ենթարկուած, երիտասարդ տարիքին հեռացած է այս աշխարհէն` ետին թողած հազար անփսոսանք: Թափուր մնացած է իր տեղը, ո՞վ պիտի շարունակէ Ժիրայրին առաքելութիւնը, ո՞վ պիտի ջերմացնէ սիրտերը օտար ափերուն ծաղկող սերունդներուն:

Հատորին յառաջաբանը ներկայացուցած եւ Ժիրայրին հետ զրոյցի նստած յետ մահու վկայութիւններ կը ներկայացնէ հայրենի գրող Գրիգոր Ջանիկեան, որուն ծանօթագրական արտայայտութիւնները առաւել կը ցնցեն ընթերցողին սիրտը, թէ ինչո՞ւ այսքան անխնայ եւ անգութ եղած է ճակատագիրը հոգեկան եւ երիտասարդական գեղեցկութեամբ յորդուն Ժիրայրին դէմ: Կապուտաչեայ գեղադէմ երիտասարդը, որուն ստեղծած «Հայկական անկախ ռատիոկայան»-ին աշխատանքները ներկայիս կը շարունակէ իր այրին` Եւգինէ Ղարիպեանը, որուն կը պարտինք այս գիրքը ընթերցողին սեղանին ներկայացնելու ջանադիր աշխատանքը:

Մեր այս հակիրճ գրախօսականը կ՛աւարտենք հատորին մէկ էջին արձանագրուած սա սուրբգրային խօսքով.

«Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի»:

 

 

Նախորդը

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ

Յաջորդը

ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՒ (ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՎՐԱՅՈՎ) ԴԱՄԱՍԿՈՍ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼՈՒ ՃԱՄԲԱՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.