Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաուլաուի Վրոնեցքայի Հետ Քննարկեց Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Նախապատրաստութիւնները

January 13, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի պատասխանատու Սելին Մուերոյի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան 15 մայիս 2022-ին տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախապատրաստութիւնները:

Հարաւային Արուարձաններուն Մէջ Սէուտական Արաբիոյ Ընդդիմադիրներու Հաւաք

Միւս կողմէ, Մաուլաուի` ակնարկելով Սէուտական Արաբիոյ ընդդիմադիրներուն հանդիպումի կայացումին, յայտնեց, որ օրինական բոլոր միջոցներուն պիտի դիմեն` արգիլելու համար Սէուտական Արաբիոյ դէմ արձակուելիք որեւէ ցեխարձակում:

«Լիբանան պիտի չվերածուի Սէուտական Արաբիան կամ Ծոցի երկիրները հարուածելու ամպիոնի մը», շեշտեց Մաուլաուի:

Նշենք, որ Հըզպալլայի կազմակերպութեամբ Հարաւային արուարձաններուն մէջ երէկ տեղի ունեցաւ շէյխ Նըմըր Պաքեր Նմըրի սպանութեան տարելիցին նուիրուած ձեռնարկ մը, որուն ներկայ պիտի գտնուէին նաեւ Սէուտական Արաբիոյ ընդդիմադիրներ:

Այս առիթով Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիայէն կը պահանջուի ներքին լիբանանեան հարցերուն միջամուխ չդառնալ:

«Սէուտական Արաբիա պէտք է իմանայ, որ Լիբանանի մէջ մենք բնաւ չենք ստրկանար դրամին կամ քաղաքական որեւէ սպառնալիքի դիմաց», շեշտեց Սաֆիէտտին:

ԱՒԵԼԻ ուշ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի ընկերային ցանցերուն վրայ կատարած իր գրառումին մէջ շեշտեց, որ լիբանանցիներուն ցաւը շրջանցելը ցաւալի ճշմարտութիւնը ուրանալ է, ինչպէս նաեւ ահաբեկչական Հըզպալլան լիբանանեան պետութենէն գերադասելը:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սուրիական Դեսպանատուն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.