Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 13, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 7246 վարակուածներ եւ մահացած 14 ուրիշներ:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանէն յայտնեց, որ իր պարտականութիւնն է կասեցնել կառավարութեան նիստերուն արգելակումը` աւելցնելով, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի կառավարութեան նիստերը վերսկսելու համար:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ ցուցմունքներ տուած է վառելանիւթի սակացոյցը ամէնօրեայ դրութեամբ յայտարարելու:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ամին Սալամի որոշումով մէկ կապ արաբական հացին (1.050 կրամ) սակը 12.000 լ. ոսկի դարձաւ: Նախարարութեան որոշումին համաձայն, 345 կրամ արաբական հացին կապը կ՛արժէ 6000 լ. ոսկի, իսկ 835 կրամ արաբական հացին կապը` 10.000 լ. ոսկի:

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ դրամական ֆոնտի պատասխանատուները յայտարարեցին, որ կը փափաքին օժանդակել Լիբանանի իշխանութիւններուն, որպէսզի անոնք կարենան բարեկարգումի ամբողջական ռազմավարութիւն մը մշակել:

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ ելեւմուտքի նախարար Եուսեֆ Խալիլի հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք հաստատեց, որ լիբանանեան դրամատուները Կեդրոնական դրամատունէն կրնան առանց սահմանափակումի ամերիկեան տոլար գնել` «Սայրաֆա» հարթակի սակին համաձայն:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը երէկ առաւօտեան Պեքաայի մէջ գործադրեց ապահովական տեսակարար գործողութիւն մը, որուն շնորհիւ ազատ արձակեց Քըրայթեմէն պատանդ առնուած քաղաքացի Ապպաս Խայեաթը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ երկխօսութեան նիստը ապարդիւն է, եւ իսկական քննութիւնը Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւններուն մէջ կը կայանայ: Ան հաստատեց, որ կարեւորը երկրին փլուզման կասեցումն է, եւ անիկա նախ եւ առաջ կառավարութեան պատասխանատուութիւնն է: «Կառավարութիւնը պէտք է անմիջապէս ժողով գումարէ», հաստատեց Ժոմպլաթ:

 

Նախորդը

Լիբանանահայ Աշակերտներ` Արցախցիներուն Կողքին

Յաջորդը

Մաուլաուի Վրոնեցքայի Հետ Քննարկեց Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Նախապատրաստութիւնները

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.