Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մէկ Տարի Անց. Հրայր Սողոմոնեանի Անմեռ Յիշատակին

January 6, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՇԱԿՈՒՀԻ

Սիրելի՛ Հրայր,

Մահուանդ տարելիցին առիթով ստացայ քու յիշատակիդ նուիրուած «Յիշողութիւն, ուղեւորութիւն` ի յիշատակ Հրայր Սողոմոնեանի» խորագրեալ հատորը:

Կողքի նկարը իրապէս կը յուշէր քու սրտիդ եւ հոգիիդ անսահման սէրն ու գոհունակութիւնը` կատարած բազում բարեսիրութիւններուդ եւ ազգօգուտ նուիրատուութիւններուդ զգացողութիւնը:

Սիրելի՛ Հրայր,

Ծնար համեստ ու ազնիւ ընտանիքի մը յարկին տակ, ուր դաստիարակուեցար քրիստոնէական, մարդկային եւ ազգային բիւրեղ զգացումներով:

Ծնողքիդ շնորհիւ ստացար համալսարանական բարձրագոյն ուսում եւ նետուեցար կեանքի ասպարէզ: Շնորհիւ քու տքնաջան աշխատանքիդ, Աստուած քեզի շնորհեց բազում բարիքներ, որոնց ճամբով բարձրացար բարձունքէ-բարձուք` տիրանալով եկեղեցական ու ազգային առաջնակարգ պաշտօններու, բայց եւ այնպէս միշտ մնացիր համեստ եւ խոնարհ: Դուն ալ, քու կարգիդ, այդ բարիքները առատօրէն բաշխեցիր շրջապատիդ, ազգային հաստատութիւններուն, եկեղեցաշինութեան, հայ դպրոցին, հայրենիքիդ, Արցախին, Հայ դատին` չմոռնալով նաեւ մօտիկներդ: Այս բոլորը կատարեցիր առանց հպարտանալու եւ ինքնահաւանութեան` միշտ մնալով ներքնապէս գոհունակ եւ ազնիւ Հրայրը:

Սիրելի՛ Հրայր, քու հին բարեկամութիւններդ միշտ պահեցիր համեստին եւ արժանաւորին հետ` բոլորին տալով իրենց արժէքը, զանոնք նկատեցիր քու սրտակիցներդ եւ մտերիմներդ, օգտակար հանդիսանալով անոնց` առանց ցուցամոլութեան:

Սիրելի՛ Հրայր, կեանքիդ ընթացքին քեզի միշտ նեցուկ կանգնեցաւ սիրելի Մակին` դպրոցական օրերէդ մինչեւ ամուսնութիւնդ, ապա` դժբախտ մահդ, զոր շատ ծանր կը տանի ան: Մակիին համար դուն միշտ պիտի մնաս մեծութիւն եւ անմոռանալի անհատականութիւն:

Անփոխարինելի Հրա՛յր, հիմա երկնաւոր կեանքիդ մէջ, վստահ եղիր, որ բոլորին սրտին մէջ քու անջնջելի յիշատակդ միշտ վառ պիտի մնայ:

Քեզի միշտ սիրող եւ յարգող մեծ քոյրդ`

ԱՐՇԱԿՈՒՀԻ

Նախորդը

Լիբանանի Հայ Համայնքի Ընկերային Ծառայողներու Միութիւն. 100 Տարեցներու Այցելութիւն` Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով

Յաջորդը

Բարի Շողիկը` Արդէն Բարի Հրեշտակ Մը Դարձաւ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.