Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 5, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 5087 վարակուածներ եւ մահացած 19 ուրիշներ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին սակը անցաւ 30.000 լ. ոսկիի սահմանը:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը արձանագրած է 15.600 լ. ոսկիի յաւելում, մազութը` 24.200 լ. ոսկիի, իսկ պիւթակազի շիշը` 20.700 լ. ոսկիի: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը 351.400 լ. ոսկի է, 98 օքթան պենզինի սակը` 363.400 լ. ոսկի, մազութի թիթեղին սակը` 360.400 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազի շիշը` 319.300 լ. ոսկի:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա, անդրադառնալով վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի նախորդ գիշերուան կեցուածքներուն, ըսաւ. «Բոլոր լիբանանցիներուն վարչապետը` Նեժիպ Միքաթի, սահմանադրական առումով իր ներկայացուցած ժողովուրդը պաշտպանելու փոխարէն, ներքին լիբանանեան մեղադրանքներ կատարեց` կասկածի տակ առնելով լիբանանցիներուն մէկ մասին պատկանելիութիւնը»: Ան աւելցուց, որ վարչապետ Միքաթիէն կ՛ակնկալուէր պոռթկալ իր հայրենիքին արժանապատուութեան համար:

ԱԶԳԱՅԻՆ երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի ընկերային ցանցերու վրայ տեղադրած իր գրառումին մէջ հաստատեց, որ Հըզպալլան լիբանանցիները պատանդ վերցուցած է` աւելցնելով, որ իրանեան զէնքով եւ դրամով պարծենալը ինքնին դաւաճանութիւն է եւ ահաբեկչութիւն:

ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ շարժումի նախագահ, հրաժարած երեսփոխան Միշել Մուաուատ հարց տուաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին, որ արդեօք ան համոզուա՞ծ է, թէ փայտեայ հաղորդագրութիւնները կը կարենան Լիբանանը դուրս բերել իր մեկուսացումէն եւ արտերկրի մէջ լիբանանցիներուն շահերը պաշտպանել: Ան շեշտեց, որ հիմնական հարցը այն է, որ Միքաթի ընդունած է նախագահել կառավարութեան մը, որուն մեծամասնութիւնը Հըզպալլան եւ անոր դաշնակիցները կը ներկայացնեն:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի այցելուները հաստատեցին, որ կառավարութեան կողմէ ժողով չգումարելու իրականութիւնը կը սպառնայ բոլոր քաղաքացիներուն ապահովութեան:

Անոնք հաստատեցին նաեւ, որ նախագահ Աուն կը շարունակէ իր խորհրդակցութիւնները` ազգային երկխօսութեան նիստի մը հրաւիրելու իմաստով:

 

 

Նախորդը

Ֆրանչիսկոս Պապէն Նամակ` Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Յաջորդը

Ֆաքիհ Աշխատանքի Նախարարէն Կը Պահանջէ Սեփական Մարզի Պաշտօնեաներուն Նուազագոյն Աշխատավարձը Բարձրացնել

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.