Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամբողջ Հայութիւնն Է Հայ Դատի Իրաւատէրը

January 4, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. Ա.

Երկու անկախ եւ գերիշխան պետութիւններու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը շատ բնական է: Միջպետական կապերը, համաձայնագրերը, փոխադարձ գործակցութեան ծրագրերը, ինչպէս նաեւ ռազմավարական գործընկերութիւնները տուեալ պետութիւններուն շահերու պաշտպանութեան ընդհանուր ենթահողին վրայ կը ձեւաւորեն կապերու եւ յարաբերութիւններու բնոյթը եւ տարողութիւնը: Երկիրներու միջեւ պատերազմները, տագնապները եւ տարակարծութիւնները մէկ օրէն միւսը կրնան այլ խորք եւ բովանդակութիւն ստանալ ու վերածուիլ սերտ գործակցութեան: Ասիկա քաղաքականութիւն է, եւ ամէն ինչ կախեալ է սեփական շահերէն:

Հիմա որ Հայաստան եւ Թուրքիա նշանակած են իրենց բանագնացները` հայեւթրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման շուրջ երկխօսութեան համար, տարբեր մօտեցումներ, տեսակէտներ, վերլուծումներ եւ նախատեսութիւններ ամէնօրեայ դրութեամբ կը հրապարակուին` լուսարձակի տակ առնելով հայեւթրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման դրական եւ ժխտական երեսները, ակնկալութիւնները, բանակցութեան քննարկման առարկայ դառնալիք նիւթերն ու հարցերը, Երեւանի եւ Անգարայի իշխանութիւններուն կեցուածքներն ու դիրքորոշումները:

Ճիշդ է, որ բանակցութիւններուն օրակարգը յստակ չէ, կամ տակաւին չէ հրապարակուած: Շատ հաւանաբար ալ միայն ընդհանուր գիծերուն մասին հանրութիւնը տեղեակ պահուի: Այս ալ բնական եւ հասկնալի է` նկատի ունենալով հայեւթրքական յարաբերութիւններուն անցեալն ու պատմութիւնը: Սակայն քանի մը կարեւոր խնդիրներ պէտք է շատ յստակ բանաձեւուած եւ ձեւակերպուած ըլլան հայկական կողմին համար, որպէսզի յատկապէս նախաբանակցութիւններու այս փուլին հայութիւնը իր բոլոր հոսանքներով, հատուածներով, Հայաստանով, Արցախով եւ սփիւռքով յստակ դիրքորոշում եւ պատկերացում ունենայ, որ հայեւթրքական բանակցութիւնները ի վնաս հայութեան ազգային գերագոյն շահերուն պիտի չըլլան: Այս խնդիրն է, որ այս օրերուն առաջնային կը համարուի եւ կարիքը ունի յստակ ձեւակերպումներու:

Առաջին յստակացումը կը վերաբերի Հայ դատին, որուն իրաւատէրերը Հայաստանի պետութիւնն ու սփիւռքն են: Հայ դատի իրաւացիութեան խնդիրը կասկածի տակ դնելու եւ մերժելու թրքական կողմին մշակած պետական յստակ քաղաքականութեան դիմաց, Հայ դատի անժամանցելիութիւնը հրապարակաւ վերահաստատելով եւ շեշտելով, հայկական կողմը բանակցութիւններուն նախօրեակին քաղաքական յստակ պատգամ մը պէտք է ուղղէ Թուրքիոյ, որ առանց նախապայմաններու բանակցութիւններու ձեւակերպումը խորքին մէջ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` փախուստ պատասխանատուութիւններէ եւ պարտաւորութիւններէ: Ասիկա յատկապէս կը վերաբերի թրքական կողմին:

Խնդիրն ալ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ արեւմտահայութեան հողային եւ հատուցման պահանջներուն իրաւացիութեան նկատմամբ Հայաստանի պետութեան դիրքորոշման կը վերաբերի: Սահմանադրութեամբ ամրագրուած Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ապահովումը անշուշտ բանակցութիւններու սեղանին վրայ Հայաստանի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ անոր կողքին գործող մասնագէտներու խումբին համար սակարկութեան նիւթ չէ: Սփիւռքը ասոր կը հաւատայ, բայց մտավախութիւններու գոյութիւնն ալ պատճառաբանուած է, որովհետեւ Հայաստան- Թուրքիա բանակցութիւններու առանցքային խնդիրը` Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հատուցման պահանջներէն հրաժարելու թրքական նախապայմանը կրնայ երեւան գալ բանակցութիւններու առաջին քանի մը նիստերուն: Ասիկա թէեւ նախատեսութիւն մըն է, սակայն շատ արդարացի մտավախութիւն մըն է:

Երկու պետութիւններու միջեւ քաղաքական դատ մը ըլլալով հանդերձ, դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման նախագիծը անհասկնալի է` առանց այդ դատին իրաւացի լուծումներուն: Հայ դատը պիտի հետապնդուի, հայութիւնը իր քաղաքական, հողային եւ նիւթական հատուցման պահանջները պիտի շարունակէ, բայց Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորո՞ւմ պիտի կատարուի: Երբ Թուրքիա բանիւ եւ գործով կը ժխտէ Հայոց ցեղասպանութեան փաստը, կը մերժէ պատասխանատուութեան ստանձնումը եւ հատուցումը, հայեւթրքական ինչպիսի՞ յարաբերութիւններու մասին բանակցութիւններ պիտի կատարուին: Այս հարցումը յատկապէս սփիւռքը իրաւունք ունի ուղղելու Երեւանի իշխանութիւններուն` նկատի ունենալով, որ Հայաստանի պետութիւնը եւ սփիւռքը, այլ խօսքով` ամբողջ հայութիւնն է իրաւատէրը Հայ դատին:

 

 

 

Նախորդը

Գետ-Գիտութեան

Յաջորդը

Բարի Արագիլներու Նամակը` Կաղանդ Պապուկին (Հեքիաթներու Աշխարհէն)

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.