Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՕԹԱՆ-ը Ռուսիոյ Հետ Կապի Մէջ Է Ռուսիա-ՕԹԱՆ Խորհուրդի Նիստի Կազմակերպման Հարցով

December 30, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ մտադիր է 12 յունուարին Ռուսիա-ՕԹԱՆ խորհուրդի խորհրդակցութիւն հրաւիրելու: Դաշինքը Մոսկուայի հետ կապի մէջ է այդ հանդիպումին կազմակերպման համար: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան յայտնած են ՕԹԱՆ-ի մամլոյ ծառայութենէն:

«ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ` իբրեւ Ռուսիա-ՕԹԱՆ խորհուրդի նախագահ, որոշած է 12 յունուար 2022 թուականին նիստի հրաւիրել: Մենք այդ հանդիպումին վերաբերեալ կապի մէջ ենք Մոսկուայի հետ», յայտնած է ռուսական լրատու գործակալութեան զրուցակիցը:

Ան յիշեցուցած է ՕԹԱՆ-ի դիրքորոշումը, ըստ որուն, «Ռուսիոյ հետ որեւէ երկխօսութիւն պէտք է ընթանայ փոխադարձութեան սկզբունքով, հաշուի առնուի Ռուսիոյ գործողութիւններուն վերաբերեալ ՕԹԱՆ-ի մտահոգութիւնը, հիմնուած ըլլայ եւրոպական անվտանգութեան առանցքային սկզբունքներուն եւ հիմնարար փաստաթուղթերուն վրայ, ընթանայ ՕԹԱՆ-ի գործընկերներուն հետ համակարգումով»:

Նշենք, որ դեկտեմբերի կէսերուն Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց Միացեալ Նահանգներու հետ պայմանագիրի եւ ՕԹԱՆ-ի անդամ պետութիւններու հետ համաձայնագիրի նախագիծերը, որոնց մէջ մասնաւորաբար ներառուած են Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան փոխադարձ երաշխիքներու, իրարու հասանելիութեան գօտիի մէջ միջին եւ փոքր հեռահարութեան հրթիռներ չտարածելու եւ դաշինքի հետագայ ընդլայնումէն հրաժարելու մասին կէտեր:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով յայտարարած էր, որ եթէ Արեւմուտքը չարձագանգէ այդ պահանջներուն, կրնայ ճակատումի նոր փուլ սկսիլ:

Ռուսիա-ՕԹԱՆ խորհուրդը ստեղծուած է 2002 թուականին` իբրեւ գործակցութեան զարգացման եւ համակարգման հարթակ: Խորհուրդը նպաստած է Մոսկուայի եւ դաշինքի անդամ երկիրներուն միջեւ կարեւոր ուղղութիւններով համագործակցութեան, մասնաւորաբար միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարին:

2008-էն ետք խորհուրդի աշխատանքները սառեցուեցան:

 

Նախորդը

«ՕԹԱՆ-ը Վտանգաւոր Սադրանքներ Կը Կազմակերպէ ՀԱՊԿ-ի Անդամ Երկիրներու Սահմաններուն Մօտ» Կ՛ըսէ Զաս

Յաջորդը

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Ամուսնութեան Երեք Կարեւորագոյն Բառերը` «Հաճիս», «Շնորհակալութիւն» Եւ «Ներողութիւն»

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.