Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՍԼԷՅՄԱՆ ՖՐԵՆԺԻԷ ԶԳԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ

February 20, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ կոչ ուղղեց զգուշանալու այս հանգրուանէն, որ բաւական զգայուն է եւ որուն ընթացքին պէտք է զգաստ մնալ:

Ան շեշտեց, որ իրենք անվախ են եւ մտահոգութիւններ չունին, որովհետեւ ի վերջոյ պիտի յաղթանակէ իրենց ընտրանքը:

Ֆրենժիէ մաղթեց, որ արաբները վերադառնան իրենց արաբականութեան, որովհետեւ իրենց գոյութիւնը փրկողն ու պաշտպանողը արաբականութիւնն է եւ ոչ թէ համայնքային դրութիւնը: Ան աւելցուց, որ ներկայիս հիմնական հարցը սիւննի-շիի տագնապն է, իսկ հիմնական նպատակը իրանեան-սուրիական առանցքի խզումն ու  Հըզպալլայի ապազինումն է:

Ըստ Ֆրենժիէի, շրջանային ներկայ իրադարձութիւնները կը յիշեցնեն Սայքս Փիքոյի համաձայնագիրին հանգրուանը եւ անոնք ինքնաբերաբար պիտի ազդեն Լիբանանի վրայ: Ան հաստատեց, որ Արեւելքի մէջ պէտք է պահել քրիստոնեայ գոյութիւնն ու եկեղեցիները, «իսկ Լիբանանի մէջ մենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնենք պահպանելու մեր դերակատարութիւնը, որովհետեւ մենք այս երկրին հիմնադրութեան սիւներէն ենք», ըսաւ ան:

Ֆրենժիէ մտահոգութիւն յայտնեց նաեւ, որ Սուրիոյ մէջ զինեալ բախումներուն աւարտէն ետք այդ բախումները կրնան Լիբանան տեղափոխուիլ: Ան դիտել տուաւ, որ ութսունական թուականներուն այդպէս պատահած էր` աւելցնելով, որ հարկ է զգուշանալ, որ նոյն պատմութիւնը չկրկնուի եւ հիւսիսային Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնը պահպանուի:

Մարատա հոսանքի ղեկավարը հաստատեց, որ Միջազգային դատական ատեանին ամբաստանութիւնը Հըզպալլայի դէմ ուղղուած էր եւ ոչ թէ Սուրիոյ, որովհետեւ յստակ համոզումներ կան, որ սուրիական վարչակարգը պիտի տապալի, հետեւաբար իրենք պիտի կեդրոնանան միայն Հըզպալլան զինաթափելու աշխատանքին վրայ:

 

 

Նախորդը

ՄԻՔԱԹԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՊՊԱՍ ԶԱՔԻՆ

Յաջորդը

ԻՐԱՆԻ, ԼԻԲԱՆԱՆԻ, ԻՐԱՔԻ ԵՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԻՋԵՒ ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆ ՀՈՍԱՆՔԻ ՄԱՏԱԿԱՐԱՐՄԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.