Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մենք Ուշադիր Կը Հետեւինք Ղարաբաղեան Պատերազմէն Ետք Իրադարձութիւններու Զարգացման, Հոլովոյթները Շատ Հետաքրքրական Են» Կ՛ըսէ Ղարիպաշվիլի

December 24, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեզի համար չափազանց կարեւոր է շրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատումը: Մենք ուշադիր կը հետեւինք ղարաբաղեան պատերազմէն ետք շրջանին մէջ իրադարձութիւններու զարգացման: Այս հոլովոյթները, ի հարկէ, շատ հետաքրքրական են: Այս մասին յայտնած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի` արտասահմանի մէջ վրացական դիւանագիտական անձնակազմի ներկայացուցիչներուն հետ առցանց ժողովի ժամանակ:

Վրացական կառավարութեան ղեկավարը խօսած է շրջանի երկիրներուն հետ սերտ յարաբերութիւններու եւ բարձր մակարդակով այցելութիւններու մասին` նշելով, որ «խաղաղ դրացնութիւն» նախաձեռնութեան նպատակը երկխօսութեան զարգացումն ու դրացիներու միջեւ վստահութեան վերականգնումն է, ինչպէս նաեւ Վրաստանի` իբրեւ միջնորդ դերի հաստատումն ու կարեւորումը:

«Ես շատ լաւ, անմիջական բարեկամական յարաբերութիւններ ունիմ երկու երկիրներու ղեկավարներուն` նախագահ Ալիեւի եւ վարչապետ Փաշինեանի հետ: Ինչպէս գիտէք, այս տարի ես արդէն երկու պաշտօնական հանդիպում ունեցած եմ` երկու անգամ եղած եմ Ազրպէյճանի մէջ, երկու անգամ` Հայաստանի մէջ, վարչապետ Փաշինեանը երկու անգամ եղած է նաեւ Վրաստան, երկու երկիրներու ղեկավարներուն հետ նաեւ մէկէ աւելի հաղորդակցութիւններ ունեցած եմ, ներառեալ` հեռաձայնային:

«Ես շատ յաջող հանդիպում ունեցայ նաեւ Թուրքիոյ մէջ. նախագահ Էրտողանը մեզ ընդունեց բարձրագոյն մակարդակով, եւ մենք շատ արդիւնաւէտ քայլեր կատարեցինք այս ուղղութեամբ: Մենք մեր դրացիներուն առաջարկած ենք Հարաւային Կովկասի մէջ երկխօսութեան ոչ պաշտօնական շրջանային հարթակ (Վրաստան, Հայաստան եւ Ազրպէյճան): Ասիկա կարեւոր նախադէպ էր, որովհետեւ իմ միջնորդութեամբս համաձայնութիւն գոյացաւ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ, եւ ես կը կարծեմ, որ մենք յառաջ մղեցինք շատ կարեւոր համաձայնագիր եւ շրջանին մէջ ստեղծեցինք շատ հետաքրքրական, կարեւոր նախադէպ` ատով իսկ ցոյց տալով ո՛չ միայն շրջանին, այլ նաեւ մեր դրացիներուն, միջազգային ընտանիքին, Միացեալ Նահանգներուն եւ Եւրոպական Միութեան», ըսած է Ղարիպաշվիլի:

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Դիմած Է «Կուկըլ»-ին. Պաքուն Կը Պահանջէ Հեռացնել Արցախի Բնակավայրերուն Հայերէն Անունները

Յաջորդը

Ասատով. «Ղարաբաղի Հայերը Ուշ Կամ Կանուխ Պէտք Է Որոշեն Իրենց Հետագայ Ճակատագիրը» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Վարչապետը

RelatedPosts

Աւելի Քան 100 Քոնկրեսականներ Կը Պահանջեն  Կասեցնել Պաքուին Ամերիկեան  Զինուորական Աջակցութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Աւելի Քան 100 Քոնկրեսականներ Կը Պահանջեն Կասեցնել Պաքուին Ամերիկեան Զինուորական Աջակցութիւնը

October 9, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները  Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու  Գործերու Ժամանակաւոր Հաւատարմատար Տէյվիտ Ալենի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Գործերու Ժամանակաւոր Հաւատարմատար Տէյվիտ Ալենի Հետ

October 9, 2026
ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Ընկերվար  Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Պալքանեան  Եւ Սեւծովեան Շրջանային Յանձնախումբի Նիստին
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Պալքանեան Եւ Սեւծովեան Շրջանային Յանձնախումբի Նիստին

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.