Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին. «Ռուսիան Կարծր Կերպով Պիտի Հակադարձէ Իր Դէմ Կատարուող Որեւէ Թշնամական Քայլի»

December 22, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց. «Ռուսիան մտահոգ է ՕԹԱՆ-ի իր սահմաններուն մօտ կատարած ռազմափորձերէն եւ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ ամերիկեան հրթիռային վահանի տեղակայումէն»:

«Ռուսիան Արեւմուտքէն անվտանգութեան երկարատեւ իրաւական երաշխիքներ կ՛ուզէ եւ ոչ թէ բերանացի խոստումներ», նշեց Փութին:

Ռուսիոյ նախագահը Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան անձնակազմի ընդլայնուած ժողովի ընթացքին յայտնեց. «Ռուսիան ինքնիր համար ապահովական իւրայատուկ վիճակ չ՛ուզեր, այլ միացեալ ընդհանուր անվտանգութիւն, եւ ամէն իրաւունք ունինք մեր անվտանգութիւնը պաշտպանելու: Ռուսիան կարծր կերպով պիտի հակադարձէ իր դէմ կատարուող որեւէ թշնամական քայլի»:

«Յոգնեցանք Միացեալ Նահանգներու միջազգային օրէնքի ոլորտին մէջ կատարած խուսանաւումներէն», ըսաւ ան` շեշտելով. «Պաշտպանութեան նախարարութենէն պիտի պահանջեմ բարեփոխման ենթարկել 2022 թուականի զինուորական մարզումները»:

Ան նաեւ նշեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն առաջարկեց անվտանգութեան երաշխիքներու շուրջ բանակցութիւններուն համար յատուկ ներկայացուցիչ նշանակել»:

«Ամերիկան պէտք է հասկնայ, որ Ռուսիան Ուքրանիոյ մէջ ամերիկեան ծրագիրներուն դիմաց պիտի չնահանջէ», յայտնեց Փութին` նշելով. «Ամերիկացիները իրենց ուզածը կ՛ընեն, սակայն Ուքրանիոյ պարագային անոնք մեր տան շեմին եղան»:

«Մենք Ուաշինկթընէն մեր առաջարկներուն վերաբերեալ յստակ ու ամբողջական պատասխանի մը կը սպասենք, եւ այդ առնչութեամբ նշաններ գոյութիւն ունին», ըսաւ Ռուսիոյ նախագահը:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու իր կարգին յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգները մեր սահմաններուն վրայ իրենց զինուորական ներկայութիւնը կ՛աւելցնեն»` աւելցնելով. «Մեր սահմաններուն մօտ ուքրանական զինեալ ուժերու շարժումները Ռուսիոյ անվտանգութեան սպառնալիք կը ներկայացնեն»:

Ան յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն Արեւելեան Եւրոպայի եւ Հնդկաց ովկիանոսի շրջաններուն մէջ Ռուսիոյ սահմաններուն մօտ հրթիռային վահան տեղակայել, անոնք եւ ՕԹԱՆ-ը Ռուսիոյ սահմաններուն մօտ իրենց ռազմափորձերուն ընթացքին աւելի լայնածաւալ կերպով կ՛օգտագործեն ռազմավարական օդանաւերը` նշելով. «Ամերիկեան զինուորական սեփական ընկերութիւններու աւելի քան 120 անդամներ կը գործեն Տոնպասի մէջ»:

Անդրադառնալով Սուրիոյ` Շոյկու ըսաւ. «Ռուսական ուժերու զօրախումբը Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան պահպանման գլխաւոր երաշխիքն է, եւ երբ երկրին հարաւը կացութիւնը վատթարացաւ, սուրիական ղեկավարութեան օժանդակութիւն տրամադրուեցաւ, եւ մեր խորհրդականներուն ուղղակի մասնակցութեամբ կրցանք խուսափիլ արիւնահեղութենէն եւ Տարաայի նահանգին մէջ կացութիւնը կայունացնել»:

 

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներ Պատժամիջոցներ Հաստատած Են Չինաստանի, Վրաստանի, Թուրքիոյ Եւ Մալեզիոյ 37 Ընկերութիւններու Վրայ

Յաջորդը

«Ռուսիան Ոչ Մէկ Պարագայի Պիտի Արտօնէ Ուքրանիոյ Եւ Վրաստանի Մէջ ՕԹԱՆ-ի Ենթակառոյցներու Տեղակայումը» Կ՛ըսէ Կաւրիլով

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.