Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միւֆթի Տըրիան Ընդունեց Շիան

December 18, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին միւֆթի Տըրիան շեշտեց Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնն ու ազգային միասնականութիւնը պաշտպանելու իր յանձնառութեան:

Ան հաստատեց, որ ինք նախանձախնդիր է նաեւ արաբական երկիրներու, յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն հետ Լիբանանի յարաբերութիւններուն պահպանումին` ընդգծելով, որ այդ յարաբերութիւնները պէտք է պաշտպանուին ի շահ լիբանանցիներուն, լիբանանեան հաստատութիւններուն, երկրին բարգաւաճումին եւ տարբեր երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան, գործակցութեան ու սիրոյ մասին Լիբանանի պարզած պատգամին:

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Հըզպալլան Կը Նկատէ  Լիբանանի Կառավարութեան Աշխատանքը Խոչընդոտող Արգելք Մը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Լիբանան յանձնառու գործընկեր է ՏԱՀԵՇ-ի տապալումին առումով` աւելցնելով, որ 2020-ին Ուաշինկթըն լիբանանեան բանակին օժանդակած է մարզումներով:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը գործակցած է լիբանանեան ապահովական միւս կառոյցներուն հետ, յատկապէս Ներքին ապահովութեան ուժերուն հետ, եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի իմաստով անոնց կարողութիւնները բարելաւած է:

Նոյն հաղորդագրութեան մէջ կը հաստատուի, որ Հըզպալլան, որ Լիբանանի մէջ գործող ահաբեկչական կազմակերպութիւն է, հրթիռային իր համակարգը բարելաւած է եւ 2020-ին զայն ամրապնդած է թիրախահար հրթիռներու իր սպառազինումը:

«Հակառակ անոր որ լիբանանեան կառավարութեան պաշտօնական կեցուածքը կը հաստատէ, որ Լիբանան ինքզինք զերծ կը կացուցէ շրջանային հարցերէն, Հըզպալլա կը շարունակէ Իրաքի, Սուրիոյ եւ Եմէնի մէջ իր զինուորական գործողութիւնները: Հըզպալլա նաեւ Լիբանանի կառավարութեան աշխատանքը խոչընդոտող արգելք մըն է եւ կը շարունակէ ահաբեկչական իր արարքները, որոնցմէ են` հարաւային Լիբանանէն Իսրայէլ գետնափոր անցքերու պատրաստութիւնը, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն կ՛արգիլէ, որ հարաւային Լիբանանի մէջ հետաքննութիւն կատարեն», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան եւ ելեւմտական տեղեկահաւաքի ներկայացուցիչ Պրայըն Նելսըն մտահոգութիւն յայտնեց Լիբանանի տնտեսական կացութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն իմաստով:

Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ փտածութիւնը միշտ ալ եղած է երկիրը կառավարելու ձեւերէն մէկը` աւելցնելով, որ փտածութեան պատճառով լիբանանցի բազմաթիւ քաղաքական ղեկավարներ իրենց հարստութիւնը փոխանցած են այլ երկիրներ:

Նելսըն ընդգծեց, որ Հըզպալլա կ՛օգտուի երկրին մէջ տիրող կացութենէն եւ կը քաջալերէ փտածութեան մշակոյթը, ինչպէս նաեւ կը յաջողի պատիժներէ խուսափիլ:

 

Նախորդը

Սլիմ. «Տագնապները Ինչքան Ալ Սրին, Լիբանան Պիտի Մնայ Անկախ»

Յաջորդը

Իսրայէլ Կը Սպառնայ Հըզպալլային. «Պիտի Քանդենք Լիբանանի Ենթակառոյցը»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.