Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միշելի Հետ Իրենց Եռակողմ Հանդիպումի Ընթացքին. Փաշինեան Եւ Ալիեւ Վերահաստատած Են Երկաթուղիի Վերագործարկման Համաձայնութիւնը

December 16, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պրիւքսելի մէջ նախանցեալ օր տեղի ունեցած Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են 9 նոյեմբեր 2020-ի, 11 յունուար 2021-ի, ինչպէս նաեւ 26 նոյեմբեր 2021-ի եռակողմ յայտարարութիւններու կատարման ընթացքը: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը:

Վարչապետ Փաշինեան կարեւոր նկատած է վերոնշեալ յայտարարութիւններուն լիարժէք կեանքի կոչումը, մասնաւորաբար ընդգծելով մարդասիրական խնդիրներու անյապաղ լուծման անհրաժեշտութիւնը` պատերազմական գերիներու, պատանդներու եւ պահուող այլ քաղաքայիններու վերադարձի ապահովումը: Անդրադարձ կատարուած է շրջանային հաղորդակցութիւններու բացման ուղղուած աշխատանքներուն:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը եւ Ազրպէյճանի նախագահը վերահաստատած են երկաթուղիի վերագործարկման համաձայնութիւնը: Ըստ այնմ` երկաթուղին պիտի գործէ սահմանային եւ մաքսային միջազգայնօրէն ընդունուած կանոններու համաձայն, փոխադարձութեան սկզբունքով, երկիրներու գերիշխանութեան ու իրաւազօրութեան տակ:

Հայաստան երկաթուղիով հասանելիութիւն պիտի ստանայ դէպի Իրան եւ Ռուսիա:

Կարեւոր նկատուած է շրջանին մէջ լարուածութեան նուազեցման ուղղութեամբ շօշափելի քայլերու ձեռնարկումը:

Անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանագծման իրականացման, ինչպէս նաեւ փոխադարձ վստահութեան հաստատման ուղղուած հաւանական քայլերուն:

Կողմերը համաձայնած են շարունակել հաղորդակցութիւնները:

 

Նախորդը

«Կ՛ողջունենք Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Համար Յատուկ Ներկայացուցիչներ Նշանակելու Մասին Յայտարարութիւնը» Կ՛ըսէ Պլինքըն

Յաջորդը

Պրիւքսելի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Փաշինեան-Ալիեւ Կարճատեւ Առանձնազրոյց Մը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հիմնական Դերակատարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

September 17, 2026
Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք  Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր  Զայն Թիրախաւորել»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր Զայն Թիրախաւորել»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.