Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կ՛ողջունենք Անգարայի Եւ Երեւանի Երկկողմանի Երկխօսութեան Սկսելու Պատրաստակամութիւնը» Կ՛ըսէ Զախարովա

December 16, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մոսկուան կ՛ողջունէ յարաբերութիւնները կարգաւորելու Անգարայի եւ Երեւանի տրամադրուածութիւնը եւ պատրաստ է աջակցելու այս հոլովոյթին` շրջանին մէջ կացութեան առողջացման շահերէն մեկնելով: Այս մասին երէկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:

«Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը պիտի նպաստէ շրջանին մէջ ընդհանուր կացութեան առողջացման, պիտի նպաստէ շրջանին մէջ եւ, ի հարկէ, երկիրներու եւ ժողովուրդներու միջեւ վստահութեան եւ բարի դրացնութեան առողջ մթնոլորտի ձեւաւորման:

«Այս տեսանկիւնէն մենք կ՛ողջունենք Անգարայի եւ Երեւանի կողմէ վերջերս ցուցաբերուած պատրաստակամութիւնը` սկսելու երկկողմանի երկխօսութեան` քննարկելու լուծման խնդիրները: Երկու երկիրներուն կողմէ այս նպատակներու համար յատուկ ներկայացուցիչներու նշանակումը տրամաբանական եւ ողջամիտ քայլ է այդ ձգտումը զարգացնելու համար: Մենք մեր կողմէ պատրաստ ենք ամէն ձեւով աջակցելու այս հոլովոյթին», ըսած է ան:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նաեւ յայտնեց, որ իր երկիրը կ՛ողջունէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ ուղիղ հաղորդակցութիւններու շարունակականութիւնը:

«Երկու երկիրներու ղեկավարներու հանդիպումը կայացած է երէկ երեկոյեան, քննարկման բովանդակութեան մասին տեղեկութիւնները տակաւին չեն ամփոփուած: Մենք կը վերլուծենք զանոնք», ըսած է Զախարովա:

Անոր համաձայն, Ռուսիան յոյս ունի, որ պրիւքսելեան քննարկումներուն արդիւնքները պիտի նպաստեն հետագային իրականացնելու Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու եռակողմ համաձայնութիւնները, որոնք ձեռք բերուած են նախորդ երեք հանդիպումներուն ընթացքին:

 

Նախորդը

Ալիեւ. «Տագնապը Լուծուած Է. Լեռնային Ղարաբաղի Կարգավիճակի Մասին Որեւէ Քննարկման Կարիք Չկայ»

Յաջորդը

«Կ՛ողջունենք Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Համար Յատուկ Ներկայացուցիչներ Նշանակելու Մասին Յայտարարութիւնը» Կ՛ըսէ Պլինքըն

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Խայտառակ Բռնաճնշումներ`  Տեղական Ինքնակառավարման  Ընտրութիւններու Հետ Կապուած
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Խայտառակ Բռնաճնշումներ` Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններու Հետ Կապուած

September 17, 2026
Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.