Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Փրոֆ. Սեդա Պարսումեան Տատոյեան կը ստանայ ՀՈԸ-ի Գիտական Վաստակի եւ Իրագործման Պատուանշան

December 15, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

6 նոյեմբեր 2021-ին, Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը (ՀՈԸ) կազմակերպեց մասնաւոր հանդիսութիւն մը` ի պատիւ հայագիտական ուսմանց մէջ երեւելի գիտնական՝ փրոֆեսէօր Սեդա Պ. Տատոյեանին: Անոր շնորհուեցաւ ՀՈԸ-ի Գիտական վաստակի եւ իրագործման պատուանշանը’ (SAS’ Lifetime Achievement Award), իբրեւ ճանաչում եւ գնահատանք հայագիտութեան մարզին անոր բերած արտակարգ ծառայութեան եւ սատարին:

Տատոյեանը ստացած է Մեսրոպ Մաշտոցի շքանշանը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ, 2015-ին: Նախապէս՝ 1999-ին անոր շնորհուած էր «Դաւիթ Անյաղթ»-ի մետալն ու վկայականը, Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիային Փիլիսոփայական ակադեմիայի բարձրագոյն պատուանշանը: 1997-ին Յորդանանի Միջկրօնական թագաւորական հիմնարկը (Royal Institute for Interfaith Studies) զինք ընտրած էր Fellow` իբրեւ գնահատանք նոյն տարուան ընթացքին հրատարակուած  իր The Fatimid Armenians հատորին: 1987-ին ստացած էր Հ. Ուզունեան «Լաւագոյն հայ գիրք»-ի մրցանակը` իր «Էջեր արեւմտահայ մտածումէն»  հատորին համար:

ՀՈԸ-ի նախագահ փրոֆ. Պետրոս Տէր Մաթոսեան (associate professor of history at the University of Nebraska, Lincoln) հանդիսութեան ընթացքին ներկայացուց փրոֆ. Տատոյեան եւ վարեց հանդիսութիւնը:

Ծնած եւ մեծցած Հալէպ, Սուրիա, ապա անցած Լիբանան՝ գրեթէ չորս տասնամեակներու իր գիտական ասպարէզով՝ փրոֆ. Սեդա Պ. Տատոյեան ծանօթ է հայագիտական ուսմանց մարզին բերած իր  ինքնուրոյն եւ արտակարգ ծառայութեամբ ու սատարով: Հեղինակն է 12 հատորներու, աւելի քան 50 մասնագիտական ուսումնասիրութեանց եւ մեծ թիւով համագումարներու մէջ ներկայացուած նիւթերով:

Տատոյեան իր Պսակաւոր արուեստից վկայականը (Bachelor of  Arts) ստացած է Պէյրութի Աղջկանց քոլեճէն (ներկայիս՝ Lebanese-American University), մասնագիտանալով փիլիսոփայութեան եւ գեղարուեստից մէջ: Անիկա նաեւ նկարիչ է: Իր մագիստրոսականը՝ (Master of Arts) փիլիսոփայութեան մէջ, ստացած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն (AUB): Ապա՝ 1991-ին, առաջին անգամ ըլլալով արտասահմանէն եւ իբրեւ կին՝ անոր շնորհուած է Գիտութիւններու դոկտորի բարձրագոյն աստիճանը փիլիսոփայական գիտութեանց մէջ, Խորհրդային Միութեան Նախարարաց խորհուրդին կից VAG-ին կողմէ, Մոսկուա (Երեւանի պետական համալսարանին մասնակցութեամբ):

1986-էն 2005, Տատոյեան եղած է Ամերիկեան համալսարանի փրոֆեսէօր, անկէ ետք անցած Նիւ Եորք` դասաւանդելու Քոլիւմպիա համալսարան իբրեւ այցելու դասախօս: 1981-2011, երեք տասնամեակներու Տատոյեան եղած է դասախօս մշակութային գիտութեանց, փիլիսոփայութեան,   գեղարուեստի եւ երաժշտութեան պատմութեանց, գիտութեան եւ ճարտարարուեստի պատմութեանց կարգ մը համալսարաններու մէջ` Ամերիկեան համալսարան, Հայկազեան համալսարան, Քոլիւմպիա համալսարան, Ս. Ներսէս Ընծայարան, Շիքակոյի համալսարան, եւ վերջինը՝ Երեւանի պետական համալսարան:

Տատոյեանի ուսումնասիրութիւնները կը վերաբերին թէʹ միջնադարեան, եւ թէ արդի հայ պատմագրութեան, քաղաքական եւ մտաւորական մշակոյթներու քննական ուսումնասիրութեանց: Անիկա կեդրոնացած է մասնաւորաբար եօթներորդ դարէն ի վեր՝ հայոց քաղաքական, ընկերային եւ մշակութեան միջյարաբերութեանց եւ փորձառութեանց իսլամական աշխարհներու մէջ եւ իշխանութեանց ներքեւ:

Փրոֆ. Տատոյեանի կենսագրութեան հակիրճ ներկայացումէն ետք՝ ՀՈԸ-ի նախագահ փրոֆ. Պետրոս Տէր Մաթոսեան, մանրամասնօրէն խօսեցաւ հայագիտական ուսմանց անոր իւրայատուկ գործունէութեան ու սատարին մասին` կեդրոնանալով գործերուն կարեւորութեան վրայ: Տէր Մաթոսեան բացատրեց, թէ Ֆաթիմիական կայսրութեան «Հայոց շրջանին» (Armenian Period, 1074-1171) Տատոյեանի ամբողջովին նոր ուսումնասիրութիւնը – The Fatimid Armenians, Leiden, Brill, 1997) – առաջին անգամ ըլլալով երեւան բերաւ եւ պատմականացուց դարաւոր միջյարաբերութիւններ եւ գործակցութիւն մէկ կողմէ՝ հայ ոչ-ուղղափառ, աղանդաւորական եւ մահմետական անհատներու ու կազմակերպութեանց, եւ միւս կողմէ իսլամ, նաեւ  ոչ-ուղղափառ – ինչպէս իսմայիլական – կողմերու եւ հաստատութեանց միջեւ: Տէր Մաթոսեան կեդրոնացաւ Տատոյեանի եռահատոր եւ զանգուածային աշխատութեան՝ «Հայերը միջնադարեան իսլամական աշխարհին մէջ – Եօթներորդէն տասնչորրորդ դարեր»-ուն (The Armenians in the Medieval Islamic World, USA, 2011-2013) վրայ:

«Այս երեք կոթողային հատորներուն մէջ,- ըսաւ Տէր Մաթոսեան,- Տատոյեան կը վերակառուցէ հայոց պատմական ընթացքը միջին դարերուն, ըստ նոր եւ ցարդ անծանօթ միջյարաբերութեանց իր յայտնաբերած նախատիպարներուն՝ (paradigms), Արաբական շրջանին, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ճիւղաւորուած պարագաներու, ինչպէս հայկական Կիլիկիոյ, հայոց զինուորական-քաղաքական դերին եւ իշխանութեան Արեւելեան Փոքր Ասիոյ, Միջագետքի, Մեծն Սուրիոյ,  Պաղեստինի, եւ Եգիպտոսի մէջ: Վերջին հատորը նուիրուած է միջնադարեան աշխարհաքաղաքացիութեան (cosmopolitanism), Երզնկա քաղաքի պարագային, եւ Իսլամի պատկերներուն հայոց մօտ 13-էն 14րդ դարերուն»:

Իր խօսքին վերջին մասին մէջ Տէր Մաթոսեան անդրադարձաւ Տատոյեանի «մեծագոյն գործին» – magnum opus – «Իսլամը հայ գրական մշակոյթին մէջ բնագիրներ, հիմնավայրեր, ուժընթացք» ( Islam in Armenian Literary Culture: Texts, Context, Dynamics, Louvain, Peeters, 2021: Զայն նկատեց շատ կարեւոր սատար մը ոչ միայն հայագիտութեան, այլ նաեւ իսլամագիտութեան եւ միջկրօնական ուսմանց (interfaith studies):

 Տէր Մաթոսեան մասնաւորաբար լուսարձակի տակ առաւ Տատոյեանի հիմնական նախադրեալը (premise) կամ վիճարկումը (argument).- Եթէ շատ հինէն Պատմական Հայաստանը՝ նաեւ արդի հանրապետութիւնները կը գտնուին հարաւային Կովկասէն մինչեւ արեւելեան Փոքր Ասիա հսկայ տարածութեան վրայ, եւ եթէ եօթներորդ դարէն ի վեր այս շրջանը մեծ մասամբ եղած է իսլամական իշխանութեանց տակ – արաբական, սելճուք, թրքական, մոնկոլական, պարսկական – ապա, եթէ մինչեւ անցեալ դարուն վերջին տասնամեակները հայոց մեծամասնութեան բնակավայրը տարածուած է Սեւ եւ Կասպիան Ծովերէն մինչեւ Իրաք, Իրան, Սուրիա, Լիբանան, Պաղեստին եւ Եգիպտոս, ուրեմն իբրեւ այս լայն շրջանին բնիկներն ու  գործօն տարրերը՝ բոլոր հայոց ամէն տեղ ունեցած պատմական փորձառութիւնները մաս կազմեն շրջանի՛ պատմութեան եւս, եւ պէտք է, որ սերտուին իբրեւ այդպիսիք:

Մօտ չորս տասնամեակներու գիտական լայն եւ խոր հետազօտութիւններով,  յայտնաբերած նիւթերով եւ վիճարկումներով, ըսաւ նախագահը, Տատոյեան ստեղծած է հայ վիճակին եւ պատմական եղափոխութեան պատմական մեծ եւ բարդ հիւսուածք մը՝ ուղղակիօրէն առնչուած իսլամական քաղաքակրթութեանց: Տատոյեանի հայագիտական գործունէութիւնը կը վերաբերի եւ կը շեշտէ անհրաժեշտութիւնը վերատեսականացնելու (reconceptualize) հայագիտական եւ Մերձաւոր/Միջին Արեւելեան պատմագրութիւնները՝ քաղաքական, մշակութային եւ փիլիսոփայական նոր տեսանկիւններէ:

Նախագահ Տէր Մաթոսեանի խօսքէն ետք Տատոյեան անդրադարձաւ իր վերջին աշխատութեան իր մտաւորական ասպարէզին ծիրին մէջ: Բաժնելով ՀՈԸ-ին հետ այս մեծարժէք պատուանշանը իր վաստակին եւ գործին ի գնահատանք, ան ըսաւ, թէ որքան որ իր ցարդ նուաճած տարածութիւնը կարեւոր էր, աւելի կարեւոր էին իր կտրելի՛ք հեռաւորութիւնները: Շատ մը կողմերով գոյապաշտական (existential)  դրդիչ ոկժը (motive) իր մօտ եղած է Նիցչէական «Կա՛մ, ուրեմն կը մտածեմ»  (Sum ergo cogito, I exist therefore I think) հրամայականը: Ասիկա Տեքարթի «Կը մտածեմ, ուրեմն կամ»-ին (Cogito ergo sum) ուղղակի շրջումն է:  Ուրեմն իբրեւ մարդ եւ հայագէտ՝ Տատոյեանին համար մտաւորական սկզբնակէտը եղած է իր իւրայատուկ գոյութիւնը իբրեւ իսլամական երկրի բնիկ՝ սերած հայ աշխարհի ծայրերէն հոն հասած նախնիներէ: Իբրեւ հայ «գոյութեան» (existence) ա՛յս վիճակն է, որ մղած է զինք «մտածելու» իր հայութեան (Armenianness) մասին ա՛յդ պայմաններուն մէջ:  Այս գործունէութեամբ անիկա փորձած է մաս կազմել սեփական եւ շրջանին պատմութեան, ըլլալ անձնապէս եւ գործնականապէս «պատմական» (historical):

Իբրեւ բացատրութիւն՝ Տատոյեան յիշեցուց, թէ եօթներորդ դարէն ետք ամբողջ Մերձաւոր Արեւելեան աշխարհը, ուր պատմական Հայաստանը, նաեւ հայկական բնակավայրը գտնուած են սկիզբէն, եղաւ գերազանցօրէն իսլամական շրջան: Բացառութեամբ Հայկական Կիլիկիոյ եւ արդի հանրապետութեանց, հայոց մեծամասնութիւնը ունէր «տիմմի» (dhimmi) կամ ոչ-իսլամ ժողովուրդներու յատուկ «պաշտպանեալ ժողովուրդ»-ի վիճակ, իսլամական իշխանութեանց տակ (ինչպէս արաբական, սելճուք, մոնկոլ, թուրք, պարսիկ եւ այլն): Այսինքն «հայկական բաները» միաժամանակ էին «Մերձաւոր/Միջին Արեւելեան բաներ»: Սակայն, շեշտեց Տատոյեան, հայոց պատմութիւնները հազիւ թէ եւ անճշգրտութեամբ – կամ երբեք – ցոլացուցած են հայոց պատմական եւ դարաւոր վիճակն ու փորձառութիւնները իսլամական աշխարհներու մէջ իրողապէ՛ս: Իբրեւ բնիկ՝ ծանօթ ըլլալով տեղական լեզուներուն, մշակոյթին եւ աղբիւրներուն՝ հայ պատմութեանց եւ տիրող կարծիքներուն մէջ Տատոյեան  նկատած է անճշդութիւններ, բացեր եւ խեղաթիւրումներ: Հոսկէ է, որ սկսած է իր մտաւորական գործունէութիւնը:

Տատոյեան շեշտեց կարեւորութիւնը ձեռնարկելու ամբողջական եւ քննական վերասերտողութեան մը բոլո՛ր «հայ բաներուն» արդիական, քննադատական եւ միջմարզային գործիքներով (contemporary critical and interdisciplinary tools)` հեռու էութենապաշտութենէ (essentialism) եւ հայակեդրոնացումէ (Armenocentrism): Այս ծրագիրն է, աւելցուց ան, որ ստիպեց զինք անցնելու փիլիսոփայութեան մարզէն պատմագրութեան, միշտ սակայն պահելով փիլիսոփայութեան քննական մեթոտը:

Առաջին «կայծը», բացատրեց Տատոյեան, ուսանողական տարիներուն կատարած մէկ գիւտն էր Յովհաննէս Երզնկացիի իսլամական աղբիւրներուն ինքնութեան մասին: Հետագայ հետազօտութիւններէ ետք արդէն համոզուած էր թէ կա՛ն «հայ-իսլամական բաներ», որոնք կը կազմեն ուրոյն մարզ մը հայագիտութեան եւ Մերձաւոր/Միջին Արեւելեան գիտութեանց մէջ: «Այդ մարզին մթնշաղային եւ անկոխ աշխարհին մէջն է որ ձեռնարկեցի առանձին ճամբորդութեան մը,- ըսաւ Տատոյեան, – առանց քարտէսի, սակայն վստահ, որ անոնք անպայմանօրէն պիտի պատճառէին Կոպեռնիկեան յեղաշրջում մը այն տարազներուն եւ պատկերներուն՝  որոնց մէջ զարգացած է հայ պատմագրութիւնը եւ «հայ բաներու» մեր հասկացողութիւնը»։

Գործնականապէս՝ իւրաքանչիւր աշխատութիւն առաջնորդած է յաջորդին: Իր վերջին գործը՝ «Իսլամը հայ գրական մշակոյթին մէջ…» (Islam in Armenian Intellectual Culture…), կառուցուած է երեք հիմնական վիճարկումներու կամ թեզերու վրայ` «Հայ մահմետը», «Հայ-իսլամ խաղաղութեան դաշինքը» (Pax Islamica) եւ  «Հայ ղուրանները»: Ասոնք կը կազմեն տեսական եռոտանի մը,  որուն շուրջ կառուցուած եւ դատաւորուած են մեծ թիւով սկզբնական եւ ամէն կարգի աղբիւրներ եւ վիճարկումներ: Առաջին անգամ ըլլալով Տատոյեան հաւաքած եւ թարգմանած է իսլամի վերաբերեալ բոլոր հայ թեքսթերը, ծանօթ եւ երբեմն ամբողջովին անծանօթ, եօթներորդ դարէն մինչեւ ներկայս:

Իր եզրակացութեան մէջ Տատոյեան ըսաւ, թէ իր գործը ցարդ հաստատում մը, «խօսք» (statement) ուժովը այն թեզերուն եւ նիւթերուն, զորս կը ներկայացնէ առաջին անգամ ըլլալով: «Գործս մուտք մը, ներածական (prolegomenon) մըն է, նոր մարզի մը, Հայ-իսլամական ուսմանց, որ միաժամանակ մաս կը կազմէ հայագիտութեան եւ շրջանի գիտութեանց: Անիկա պէտք է ըլլայ գործիք համապարփակ եւ արմատական ծրագիրի մը հասկնալու հայոց պատմական փորձառութիւնը մեծ շրջանին մէջ իր բոլո՛ր կողմերով եւ արաբական աղբիւրներու ուղղակի գործածութեամբ: Զարգանալու եւ մեծնալու՝ ունենալու համար ընդհանրական կարեւորութիւն եւ տեղ, հայագիտութիւնը պէտք է որ լքէ նեղ աւազանները, ինչպէս Միջերկրականի աւազանը, կտրէ աւանդական պատմագրութեան պատուարները, ինչպէս Հերքիւլէվսի ժայռերը, եւ նաւարկէ դէպի Ատլանտեանը՝ կամ Մերձաւոր/Միջին Արեւելեան գիտութեանց ովկիանոսը, իր բնական միջավայրը», հաստատեց ան:

(See via Zoom https://www.youtube.com/watch?v=NoUn6qITVK8 )

Նախորդը

Փարիզի Ողիմպիական Խաղերուն Բացումը Սեն Գետին Վրայ Պիտի Կատարուի

Յաջորդը

Բռնցքամարտի Միջազգային Ֆետերասիոնը Նոր Անուն Ունեցաւ

RelatedPosts

Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի Կլոր Սեղաններու Համառօտագիրներ (Գ.)
Անդրադարձ

Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի Կլոր Սեղաններու Համառօտագիրներ (Դ.)

October 8, 2026
Երբ Օրէնքը Զէնքի Կը Վերածուի
Անդրադարձ

Երբ Օրէնքը Զէնքի Կը Վերածուի

October 8, 2026
Համեստ Նուիրատուութիւն Մը` Ազգային Պարտաւորութեան Մեծ Ճամբուն
Անդրադարձ

Համեստ Նուիրատուութիւն Մը` Ազգային Պարտաւորութեան Մեծ Ճամբուն

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.