Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժիրայր Ռէյիսեան Մաս Կազմեց Յունաստանի Մէջ Միջազգային Ուղղափառ Խորհրդարանական Միութեան Սուրիոյ Պատուիրակութեան

December 14, 2021
| Անդրադարձ, Գաղութէ Գաղութ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 12 դեկտեմբեր 2021-ին, Սուրիոյ խորհրդարանի դիմատետրի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Սուրիոյ խորհրդարանէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէր երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան, ուրբաթ, 10 եւ շաբաթ, 11 դեկտեմբեր 2021-ին մասնակցեցաւ Յունաստանի «Քորֆօ» կղզիին մէջ տեղի ունեցած միջազգային ուղղափառ խորհրդարանական միութեան երկօրեայ ժողովներուն:

Պատուիրակութեան անդամներն էին Ժիրայր Ռէյիսեան, Մարի Պիթար, Թոնի Հաննա, Մահեր Աուըրմա եւ Իսքենտեր Հատտատ: Ժողովներուն ընթացքին պատուիրակութիւնը ներկայացուց Սուրիոյ իրավիճակը եւ տասնամեայ պատերազմին ընթացքին ահաբեկչական պատերազմէն ժողովուրդին կրած տառապանքը, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարեց Միացեալ Նահանգներու` Սուրիոյ դէմ պարտադրած տնտեսական պատժամիջոցներուն եւ անոնց աղէտալի հետեւանքներուն Սուրիոյ ժողովուրդին վրայ:

Պատուիրակութեան անդամները յայտնեցին, որ ժողովուրդը դժուարութեամբ կ՛ապահովէ իր օրապահիկը, դեղորայքը, մանուկներուն կաթը եւ առօրեայ այլ անհրաժեշտ պէտքեր: Անոնք կոչ ուղղեցին ժողովի մասնակիցներուն հանդէս գալու միացեալ յայտարարութեամբ` պատժամիջոցներուն վերջ տալու, յատկապէս «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ պայքարի լոյսին տակ:

Պատուիրակութեան անդամները դատապարտեցին նաեւ թրքական ուժերուն Սուրիոյ ժողովուրդին դէմ իրագործած ոճիրները, սուրիական հողատարածքներ բռնագրաւելը, Հասաքէի մէջ աւելի քան մէկ միլիոն քաղաքացի ջրազուրկ պահելը, ինչ որ խախտում կը նկատուի ՄԱԿ-ի մարդկային օրէնքներու եւ իրաւունքներու վերաբերող պայմանագրութիւններուն: Անոնք պահանջեցին Սուրիոյ Հանրապետութեան գերիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան յարգումը եւ սուրիական հողեր թափանցած օտար, ապօրինի ուժերուն դուրս բերումը:

Նշենք, որ երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան հանդէս եկաւ զեկուցումով` լուսարձակի տակ առնելով Թուրքիոյ բռնարարքներն ու տարիներու ընթացքին վարած զաւթիչ քաղաքականութիւնը դրացի երկիրներուն նկատմամբ` Կիպրոսէն մինչեւ Սուրիա, ապա Արցախ:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ-ի 131-Ամեակի Հանդիսութեան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի Արտասանած Խօսքը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.