Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Ֆութպոլ. Սիթի, Լիվըրփուլ, Չելսի, Պայերն Եւ Ռէալ Կը Շարունակեն Յաղթարշաւը

December 13, 2021
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթավերջին Անգլիոյ «Փրեմիեր Լիկ»-ի ընդհանուր դասաւորման գլխաւոր երեք դիրքերը գրաւող խումբերը տօնեցին յաղթանակ: Ուշագրաւ էր, որ յաղթանակները երեքին ալ պարագային, վիճելի փենալթի հարուածներու շնորհիւ արձանագրուեցան:

Մանչեսթըր Սիթի շնորհիւ Ռահիմ Սթերլինկի  նշանակած 100-րդ կոլին նուազագոյն` 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Վուլվզի դէմ: Փեփ Կուարտիոլայի կազմը ներկայիս մէկ կէտի առաւելութիւն մը կը վայելէ ընդհանուր դասաւորման երկրորդ դիրքը գրաւող Լիվըրփուլին նկատմամբ:

«Կարմիրներ»-ը Էնֆիլտ Ռոտ մարզադաշտին մէջ  ընդունեցին Ասթոն Վիլան, որուն գլխաւոր մարզիչը` Սթիվըն Ճերարտը բուռն ծափահարութիւններով դիմաւորուեցաւ` նկատի ունենալով, որ Ճերարտ 1998-էն 2015 կրած էր Լիվըրփուլի շապիկը: Լիվըրփուլ, շնորհիւ Մոհամետ Սալահի 67-րդ վայրկեանին նշանակած կոլին (փենալթի) կարեւոր յաղթանակ մը տարաւ Վիլայի դէմ: Մրցումին վերջին վայրկեաններուն իրաւարարը կրնար փենալթի մը շնորհել Վիլային, սակայն զլացաւ:

Սթեմֆորտ Պրիճ մարզադաշտին մէջ, Լիծ Եունայթըտ բաւական անբախտ դուրս եկաւ, երբ 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Չելսիէն: Ճորճինիօ (երկու փենալթի) եւ Մաունթ նշանակեցին «Կապոյտներ»-ուն կոլերը: Լիվըրփուլ կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման երկրորդ դիրքը, Չելսի` երրորդ:

Արսենալ 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սաութհեմթընը, մինչ Մանչեսթըր Եունայթըտ, Ռոնալտոյի նշանակած փենալթիով` 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նորուիչ Սիթին, վերջինիս Քերօ Ռոտ մարզադաշտին մէջ:

Գերմանիոյ մէջ Պայերն Միւնիխ, շնորհիւ Քինկսլի Քոմանի եւ Ճամալ Մուսիալայի կոլերուն, 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մայնցը: Պաւարիական խումբը ներկայիս եօթը կէտերու առաւելութիւն մը կը վայելէ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Պորուսիա Տորթմունտին նկատմամբ: Վերջինս 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը գոհացաւ Պոխումի դէմ:

Լայփցիկ իր նոր մարզիչին` Տոմենիքօ Թետեսքոյի «հրամանատարութեան» տակ` 4-1 արդիւնքով  յաղթանակ մը արձանագրեց Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի դէմ:

Իտալիոյ մէջ Եուվենթուս կը շարունակէ ձախորդ ելոյթներու շարքը: «Ծեր պառաւ»-ը շաբաթ օր` 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Վենեզիայի համեստ կազմին դէմ: Վերջինս իր նախորդ չորս մրցումներուն պարտութեամբ հեռացած էր դաշտէն: Ալվարօ Մորաթա նշանակեց  Մասիմիլիանօ  Ալեկրիի խումբին  որբ կոլը:

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ընդհանուր դասաւորումը գլխաւորող Ա. Սէ Միլանի կազմը 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը ձեռք բերաւ Ուտինեզիէն: Պեթթօ յառաջ մղեց տանտէրերը, սակայն շուէտացի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ «աքրոպաթիք ֆինիշինկ»-ով  հաւասարութեան կէտ մը խլեց Ուտինեզէէն: Կոլը  Իպրահիմովիչի 300-րդն էր եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան հինգ գլխաւոր երկիրներուն մէջ կրած խումբերուն շապիկով:

Սպանիոյ մէջ, Սեւիլիա 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Աթլեթիք Պիլպաոն, Թոմաս Տելանի նշանակեց Սեւիլիայի կոլը: Պարսելոնա 2-2 արդիւնքով ոչ համոզիչ հաւասարութիւն մը արձանագրեց Օսասունայի հետ: Ռէալ Մատրիտ կը շարունակէ գլխաւորել Սպանիոյ ախոյեանութեան ընդհանուր դասաւորումը:

 

Նախորդը

Մաքս Վերսթափեն Պարտութեան Մատնեց Լուիս Համիլթընը Եւ Շահեցաւ «Ֆորմիւլա-1» Ինքնաշարժներու Աշխարհի Ախոյեանութեան Տիտղոսը

Յաջորդը

Բռնցքամարտի Միջազգային Մրցաշարք` Երեւանի Մէջ

RelatedPosts

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Ընտրուեցաւ Լաւագոյնը
Մարզական

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Ընտրուեցաւ Լաւագոյնը

October 31, 2026
Եւրոպական Ֆութպոլ.  Այսօր` Պայերն Միւնիխ – Տորթմունտ Վաղը` Լիվըրփուլ – Արսենալ
Մարզական

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Պայերն Միւնիխ – Տորթմունտ Վաղը` Լիվըրփուլ – Արսենալ

October 31, 2026
2800 Եւրօ Եւ 41 Վայրկեան` «Քլասիքօ»…
Մարզական

2800 Եւրօ Եւ 41 Վայրկեան` «Քլասիքօ»…

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.