Հայաստանի ճատրակի տղոց ազգային հաւաքականի անդամ Գաբրիէլ Սարգսեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցող արագ ճատրակի միջազգային մրցաշարքի մը, որ կը կրէ «Շէյխ Համտան պըն Ռաշետ բաժակի մրցաշարք» անունը:
24 մասնակցողներուն մէջ ան այժմ 18-րդն է` իր տրամադրութեան տակ ունենալով երկու կէտ միայն:
Երկու յառաջատարները (Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսիա) ունին 5-ական կէտ:
Նշենք, որ Գաբրիէլ Սարգսեան անոր մասնակցողներուն մէջ ամէնէն բարձր վարկանիշ ունեցող ճատրակ խաղացողն է (2693):



