Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրով Կը Շեշտէ, Որ Ռուսիա Յարձակում Պիտի Չգործէ Ուքրանիոյ Վրայ

December 3, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու նիստի ընթացքին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Ռուսիոյ համար բացարձակապէս անընդունելի են ՕԹԱՆ-ի ընդարձակման ծրագիրները եւ դրացի երկիրները Մոսկուայի դէմ հակասութիւններու զինադաշտ դարձնելու փորձերը:

«2008-ին Պուքրէշի վեհաժողովին ընթացքին ընդունուած որոշումները` Վրաստանի եւ Ուքրանիոյ հաւանական անդամակցութեան մասին, ականներ դրին եւրոպական անվտանգութեան ամէնէն խոր հիմքին մէջ», յայտնեց Լաւրով:

«Անոնք, որոնք գոց սորված կը կրկնեն պուքրէշեան թեզերը եւ կը պնդեն, որ ՕԹԱՆ-ի ընդարձակման հարցին մէջ երրորդ երկիրները իրաւունք չունին իրենց կարծիքը յայտնելու, կրակի հետ կը խաղան եւ գիտեն այդ մասին», ընդգծած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Լաւրովի ելոյթը հնչած է Ուքրանիոյ շուրջ լարուած յարաբերութիւններու ծիրին մէջ: Քիեւն ու Արեւմուտքը կը պնդեն, որ Ռուսիա մեծ զօրախումբ կուտակած է Ուքրանիոյ հետ սահմանին վրայ եւ յարձակումի կը պատրաստուի: Մոսկուա կտրականապէս կը հերքէ այս մեղադրանքները եւ կը շեշտէ, որ Քիեւը կը սրէ իրավիճակը` արեւմտեան դաշնակիցներու հովանիին ներքեւ:

Տեղի ունեցած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներու երկրորդ դէմ առ դէմ հանդիպումը: Լաւրով-Պլինքըն բանակցութիւնները տեւած են մօտաւորապէս քառասուն վայրկեան:

Հանդիպումէն առաջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը յայտնած է, որ կը պատրաստուի զգուշացնել Լաւրովը, որ Ռուսիա լուրջ խնդիրներու առջեւ պիտի գտնուի, եթէ վերսկսի Ուքրանիոյ վրայ յարձակումներուն:

Ան շեշտած է, որ ճգնաժամը յաղթահարելու լաւագոյն միջոցը բանակցութիւններն են:

Լաւրով իր կարգին վստահեցուցած է, որ Մոսկուա նոր տագնապ չ՛ուզեր Ուքրանիոյ հետ:

Նախորդը

Պլինքըն. «Ռուսիա Ռազմական Գործողութիւններու Ծրագիրներ Մշակած Է Ուքրանիոյ Դէմ»

Յաջորդը

Իսրայէլ Պետութիւններուն Կոչ Կ՛ուղղէ Դադրեցնելու Իրանի Հետ Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ Բանակցութիւնները

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.