Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Միջազգային դրամատան Արեւելքի տնօրէն Սարուժ Քումարճահը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ Միջազգային դրամատան գործադրելիք ծրագիրները, որոնց շարքին` հատուցման քարտի ֆինանսաւորումը:
Հանդիպումէն ետք Քումարճահ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահին հետ հանդիպումը եղած է դրական` աւելցնելով, որ արծարծած են Լիբանանի մէջ Միջազգային դրամատան գործադրելիք ծրագիրները, յատկապէս` տնտեսական մարզին եւ ընկերային ապահովութեան վերաբերող ծրագիրները:
Քումարճահ նշեց, որ այս իմաստով Պըրրիի հետ համաձայնութիւն գոյացուցած է սկսելու արշաւ մը` քաջալերելու համար ընտանիքները, որպէսզի արձանագրուին հատուցման քարտ ստանալու յատուկ ե-հարթակին վրայ:
Քումարճահ շեշտեց, որ Պըրրի կը զօրակցի այս ծրագիրին` աւելցնելով, որ իրենք կը սպասեն, որ այսօր ե-հարթակի մեկնարկը կատարուի, եւ արձանագրութիւնները սկսին: «Այս քայլը մեզի առիթ կու տայ, որ յառաջիկայ յունուարէն սկսեալ անհրաժեշտ օժանդակութիւնները կատարենք», ըսաւ ան:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչի տեղակալ Նաժաթ Ռուշտին: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի առնչակից կազմակերպութիւններուն գործունէութիւնը:



