Պաշտօնական հանդիսութեամբ մը, իտալական Նափոլի ֆութպոլի ակումբը նախորդ շաբաթավերջին բացումը կատարեց իր կազմին եւ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմած Տիեկօ Մարատոնայի յուշարձանին, իր մարզադաշտին մէջ:
Մարատոնայի անուան մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած Նափոլի-Լացիօ Ռոմա մրցումէն առաջ տեղի ունեցած հանդիսութեան ներկայ եղան նաեւ ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ, իտալացի ֆութպոլիստ Ֆապիօ Քանաւարօ, այլ հրաւիրեալներ, ինչպէս նաեւ` 40 հազար հանդիսատեսներ:
Նշենք, որ Մարատոնա մահացաւ 25 նոյեմբեր 2020-ին: Ան 60 տարեկան էր:



