Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամփոփուած Են «Դէպի Սիւնիք» Ծրագիրի Շրջագիծին Մէջ Իրականացուող Ուսումնասիրութեան Մրցումի Արդիւնքները

November 29, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

27 նոյեմբեր 2021-ին «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ հանդիսաւոր ձեռնարկով ամփոփուեցան «Դէպի Սիւնիք» ծրագիրի շրջագիծին մէջ իրականացուող ուսումնասիրութեան մրցումին արդիւնքները, եւ յաղթողներուն յանձնուեցան խոստացուած կրթաթոշակները:

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան կազմակերպած Սիւնիքի հիմնախնդիրներու ուսումնասիրութեան նուիրուած մրցումին մասնակցած էին Հայաստանէն, Սուրիայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Իրանէն հայ ուսանողներ:

Մրցութային յանձնախումբի կազմի կողմէն ընտրուած էին հետեւեալ երկու աշխատութիւնները.

Գագիկ Եկմալեան (Հայաստան)` «Սիւնիքի աշխարհաքաղաքական տեղն ու դերը փանթուրանական ծրագրի իրագործումը կասեցնելու գործընթացին մէջ» խորագիրով: Ան Երեւանի պետական համալսարանի Միջազգային յարաբերութիւններ բաժանմունքի 4-րդ տարուան ուսանող է:

Շողակաթ Դեւրիկեան (Հայաստան)` «Սիւնիքի պատմութիւնը եւ նկարները Մխիթարեաններու 18-19-րդ դարերու հրատարակութիւններուն մէջ» խորագիրով: Ան Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքի, Հայ արուեստի պատմութեան եւ տեսութեան ամպիոնի մագիստրոս է:

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան ներկայացուցիչ Հայկազ Յարութիւնեան իր խօսքին մէջ նշեց Սիւնիքի կարեւորութիւնը աշխարհաքաղաքական զարգացումներու ծիրին մէջ` աւելցնելով, որ նման նախաձեռնութիւնները միտուած են երիտասարդութեան շրջանակին մէջ մեծցնելու հետաքրքրուածութիւնը Սիւնիքի, եւ անոր շուրջ ծառացող խնդիրներու վերաբերեալ` վստահեցնելով, որ շարունակական բնոյթ պիտի կրեն:

Ելոյթով հանդէս եկաւ նաեւ մրցութային յանձնախումբի կազմէն թրքագէտ Մելինէ Անումեան` յատուկ մատնանշելով, որ նման հարուստ գիտական աշխատութիւնները էական նշանակութիւն ունին պատմական եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման գործին մէջ:

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Արշակ Մեսրոպեանը, ամփոփելով միջոցառումը, ընդգծեց համազգային համախմբման կարեւորութիւնը, որուն հիմքը պէտք է ըլլայ Սիւնիքին սպառնացող ժամանակակից մարտահրաւէրներն ու վտանգները դիմագրաւելու տեսլականը:

 

Նախորդը

Կառավարութիւնը Իր Ժողովները Վերստին Գումարելու Դժուարութեան Դիմաց Կը Գտնուի

Յաջորդը

Անդրադառնալով Սոչիի Եռակողմ Հանդիպումին` Պայրամով. «Սոչիի Յայտարարութիւնը Կը Դրսեւորէ Պաքուի Մօտեցումները»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.