Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԳԵՐՄԱՆԱՑԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԵՆ ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻՆ ՄԷՋ ՖՐԱՆՍԱՆ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՄԲ ՓՈԽԱՐԻՆԵԼՈՒ ՋԱՆՔԵՐ ԳՈՐԾԱԴՐԵԼՈՒ

February 16, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ գերմանական Քրիստոնեայ ժողովրդավար միութիւն եւ Քրիստոնեայ ընկերային միութիւն քոյր կուսակցութիւններու արտաքին քաղաքականութեան հարցերով խորհրդարանական աշխատանքային խմբակը հրապարակած է զեկուցում մը, որուն մէջ Գերմանիոյ կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ` Մինսքի խմբակին մէջ Ֆրանսան Եւրոպական Միութեամբ փոխարինելու ջանքեր գործադրելու:

Աշխատանքային խմբակը իր կեցուածքը արտայայտող «Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ 20 տարիներու տագնապ. խաղաղ լուծման համար նոր մղում» խորագիրով փաստաթուղթին մէջ կը նշէ, որ «այսօր ազրպէյճանական հողամասերու 20 առ հարիւրը հայերու վերահսկողութեան տակ է», եւ Լեռնային Ղարաբաղի «բռնագրաւումը» կը նկատէ միջազգային օրէնքի յանձնառութեան խզում մը:

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի ղեկավարած Քրիստոնեայ ժողովրդավար միութիւն կուսակցութեան եւ անոր քոյր կազմակերպութեան` Քրիստոնեայ ընկերային միութիւն կուսակցութեան աշխատանքային խմբակի անդամները Գերմանիոյ դաշնակցային կառավարութեան կոչ կ՛ուղղեն «Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին ԵԱՀԿ-ի, ՕԹԱՆ-ի եւ ՄԱԿ-ի մէջ մեր գործընկերներուն հետ միատեղ յաւելեալ ուշադրութիւն դարձնելու»:

Խմբակը «կը պահանջէ տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ Եւրոպական Միութեան աւելի ուժեղ դերակատարութիւն մը, Մինսքի խմբակին մէջ Ֆրանսան Եւրոպական Միութեամբ փոխարինելու ուղղութեամբ աշխատանք տանիլ, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութիւնը օժտել Ապահովութեան խորհուրդին մէջ յատուկ ներկայացուցիչով մը, որ օժտուած ըլլայ տագնապի կողմերուն միջեւ միջնորդութիւն կատարելու յստակ լիազօրութեամբ»:

Անիկա նաեւ կոչ կ՛ուղղէ «Եւրոպական Միութեան թեկնածու Թուրքիան մղելու Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւնները բնականոնացնելու, որովհետեւ այդ մէկը պիտի արտօնէ, որ ռուսական ուժերը հեռանան Հայաստանէն, եւ այդպիսով առանցքային ներդրում ունենալ միջին ժամանակաշրջանի մը ընթացքին Հարաւային Կովկասի մէջ զինարշաւը նուազեցնելու»:

Խմբակը Գերմանիոյ կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ «աջակցելու Թուրքիոյ, որպէսզի ան տագնապի լուծման մէջ աւելի շինիչ դերակատարութիւն ունենայ եւ շրջանին մէջ իր պատասխանատուութիւնը արդարացնէ»:

 

Նախորդը

ՄԻՔԼՈՇՔՕ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԿՈՒ ՏԱՅ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԻՆ ԱՋԱԿՑԵԼՈՒ ՂԱՐԱԲԱՂԻՆ

Յաջորդը

«ՄԵԾԱՄԱՍՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐԱԿԱՐԳԸ ԳՈՐԾԻՔ Է ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ» Կ՛ԸՍԷ ԱՐՄԷՆ ՌՈՒՍՏԱՄԵԱՆ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.