Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թեսաղոնիկէի Մէջ Վար Առնուեցաւ Հայութեան Դէմ Ազրպէյճանական Քարոզչական Սադրանքը

November 25, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին ազդու միջամտութեամբ կանգ առաւ Թեսաղոնիկէ քաղաքի հանրակառքերուն վրայ երեւցած ազրպէյճանական գովազդային արշաւը, որ ցոյց կու տար Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ բռնագրաւուած Շուշի քաղաքի պատմական բերդը եւ անոր պարիսպներուն վրայ երեւցող Շուշիի անուան ազրպէյճանական տարբերակը, իսկ յունարէնով գրուած էր «Շուշա, Ազրպէյճան» գրութիւնը:

Հանրակառքը նկարուած էր Թեսաղոնիկէի ճամբաներուն վրայ եւ անոր նկարը լայն տարածում գտած էր ընկերային ցանցերու օգտատէրերուն կողմէ, որոնք բուռն կերպով դատապարտեցին ազրպէյճանական փորձերը` հայկական Շուշին ներկայացնելու իբրեւ ազրպէյճանական քաղաք: Նշենք, որ զանազան լրագրողներ եւս իրենց էջերուն վրայ բողոքի արտայայտութիւններով պահանջեցին ծրագիրի կասեցումը: Հայ դատի յանձնախումբի անդամները արագ հակազդելով` կապի մէջ մտան Թեսաղոնիկէի հանրային փոխադրամիջոցներու սպասարկութեան տնօրէնին հետ, որ խոստացաւ անմիջապէս դադրեցնել մնացեալ հանրակառքերու նոյն գովազդով երեւումը եւ ամբողջութեամբ չեղեալ նկատել ծրագիրը: Տնօրէնը յայտնեց, որ գովազդային աշխատանքը յանձնուած էր մասնագիտացած ընկերութեան մը, իսկ պետական սպասարկութեան պատասխանատուները տեղեակ չէին անոր պարունակութենէն: Յիշեցնենք, որ շաբաթներ առաջ, ազրպէյճանական նմանօրինակ գովազդային ծրագիր մը երեւցաւ Լոնտոնի մէջ եւ կանգ առաւ շնորհիւ Լոնտոնի Հայ դատի յանձնախումբի ջանքերուն:

Նշենք, որ Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը եւս կարճ յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ ազրպէյճանական քարոզչական սադրանքին մասին եւ յայտնեց, թէ յունահայ համայնքային կառոյցներուն հետ միասին ամէն միջոց կը գործադրուի, որպէսզի այդ սադրանքը չէզոքացուի եւ ապագային չկրկնուի:

Նախորդը

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւն

Յաջորդը

Նետերլանտներու Խորհրդարանը Ազրպէյճանի Սադրանքներուն Եւ Երկրին Մէջ Ժողովրդավարութեան Բացակայութեան Մասին Բանաձեւեր Որդեգրեց

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.