Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ռուսական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ զանոնք բարելաւելու հեռանկարները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի եւ Ռուսիոյ խորհրդարաններուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնները:
Պըրրի ողջունեց Լիբանանի եւ Ռուսիոյ միջեւ գործակցութիւնը, յատկապէս` օրէնսդրական մարզին մէջ:
Ան հաստատեց, որ այցելութիւնը առիթ մըն էր` քննարկելու համար ընդհանուր իրադարձութիւնները, յատկապէս` երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Քուէյթի մէջ լիբանանեան դեսպանատան գործավար Հատի Հաշեմ:
Պըրրի ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուին:
Քննարկուեցան երկրին քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Մաուլաուի մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու:



