Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայութեան Արդարացի Իրաւունքը Անժամանցելի Է

November 23, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

22 նոյեմբեր 2021: Լիբանանի անկախութեան 78-րդ տարեդարձ, միաժամանակ անկախ Հայաստանի սահմաններու մասին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռի հրապարակման 101-րդ տարեդարձ:

Հակառակ տիրապետող կարծիքին, որ նախագահ Ուիլսընի իրաւարար վճիռը Սեւրի դաշնագիրի յաւելուած մըն է, պէտք է կարեւորութեամբ նշել, որ այս իրաւարար վճիռը անկախ որոշում մըն է, վաւեր` ստորագրման եւ կնքման պահէն սկսեալ: Արդարեւ, նախագահ Ուիլսընին լիազօրութիւնը տրուած է աւելի վաղ, Սան Ռեմոյի խորհրդաժողովի օրերուն (19-26 ապրիլ 1920), դաշնակից տէրութիւններու Գերագոյն խորհուրդին կողմէ: Սեւրի դաշնագիրի 89-րդ յօդուածը կը յիշատակէ ԱՄՆ-ի նախագահին տրուած լիազօրութիւնը. «Թուրքիան եւ Հայաստանը, ինչպէս նաեւ պայմանաւորուող միւս կողմերը կը համաձայնին Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի, Պիթլիսի նահանգներուն մէջ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահմանազատումը թողնել ԱՄՆ նախագահի իրաւարարութեան եւ ընդունիլ անոր որոշումը, ինչպէս նաեւ կը համաձայնին այն բոլոր միջոցառումներուն հետ, որոնք ան կարող է առաջարկել Հայաստանին դէպի ծով ելք տալուն եւ յիշեալ սահմանագիծը հատող օսմանեան որեւէ տարածք ապազինելու վերաբերեալ»:

Սեւրի դաշնագիրի ստորագրութիւնը (10 օգոստոս 1920) շատ ուշացաւ: Դաշնակից տէրութիւններուն միջեւ տարակարծութիւնները եւ անոնց շահերու հակասութիւնները առիթ ընծայեցին մէկ կողմէ Թուրքիոյ մէջ քեմալական շարժման արմատացման եւ միւս կողմէ խորհրդային Ռուսիոյ Կովկաս վերադարձին: Ուիլսընի կողմէ Արեւմտեան Հայաստանէն 90 հազար քառակուսի քիլոմեթրի յաւելումով 71330 քառ. քմ-ի վրայ, կ՛ունենայինք 161330 քառ. քմ տարածքով միացեալ Հայաստան մը, որ հայ ժողովուրդի դարաւոր պայքարի յաղթական պսակումը կրնար հանդիսանալ: Սակայն այս պայմանագիրը կը բախէր թէ՛ քեմալական Թուրքիոյ եւ թէ՛ խորհրդային Ռուսիոյ շահերուն: Երէկ թշնամի, բայց արդէն դաշնակիցներու վերաբերումին առիթով եղբայրացած Հայաստանի երկու հարեւանները պիտի չհանդուրժէին իրենց անցեալին նուաճած հողամասերու օտարումը:

Նախագահ Ուիլսընի իրաւարար վճիռը կրնար իրականանալ միայն այն պարագային, երբ դաշնակիցները զինու զօրութեամբ պարտադրէին անոր գործադրութիւնը: Սակայն դաշնակից տէրութիւններէն ոչ մէկը տրամադիր էր ուժով իրագործելու իրենց իսկ ընդունած արդարութիւնը: Ամերիկեան քոնկրեսին կողմէ Հայաստանի մանտային մերժումը դարձաւ անկախութեան կորուստին դատավճիռը: Փոքրիկ Հայաստանը, Ցեղասպանութենէն ետք հրաշքով մոխիրներէն յառնած պետութիւնը չէր կրնար իր զինուած սահմանափակ ուժերով կռուիլ երկու ճակատի վրայ ու գետնի վրայ իրագործել ինչ որ գրուած էր թուղթի վրայ:

Չգործադրուած բայց միշտ վաւերական իրաւարար վճիռը կը հանդիսանայ Արեւմտեան Հայաստանի նկատմամբ հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներու միջազգային ճանաչումը:

Անկախ Հայաստանի իշխանութիւնները չունէին պատրանքը, որ Սեւրի դաշնագիրն ու նախագահ Ուիլսընի իրաւարար վճիռը պիտի կարենան գործադրուած տեսնել: Մոսկուայի մէջ, Լեւոն Շանթի պատուիրակութեան անդամ Համբարձում Տէրտէրեանը Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Լեւոն Կարախանին կը յայտնէր. «Առանձնապէս այն համոզումը չունեմ, որ դաշնակից պետութիւնները զինու զօրութեամբ Տաճկաստանը պիտի գրաւեն եւ սկուտեղի վրայ դրուած մատուցեն մեզ: Ես այն համոզումն էլ չունիմ, որ ներկայ Հայաստանը ի վիճակի պիտի լինի զինուորական իր միջոցներով տէր դառնալու տաճկահայկական նահանգներին: Բայց եւ այնպէս, չենք կարող հրաժարուել դարաւոր մեր արդարացի իրաւունքներից»:

Ներկայ անցուդարձերը եւս կը վկայեն, որ պարտուած ու տկարացած Հայաստանը չի կրնար իր զինուորական միջոցներով դէմ դնել Ազրպէյճանի նուաճողական նկրտումներուն: Բայց եւ այնպէս աներկբայօրէն ճիշդ է, որ չենք կրնար հրաժարիլ դարաւոր մեր արդարացի իրաւունքներէն:

 

 

 

Նախորդը

Տէր Պիտի Մնանք Ուիլսընեան Սահմաններով Հայաստանին

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.