Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Որոշած ենք մնալ ու պայքարիլ». Յակոբ Բագրատունի հանդիպեցաւ լիբանանահայ հայրենադարձներուն հետ 

November 22, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Հայրենադարձներու խորհրդատուութեան գրասենեակի նախաձեռնութեամբ 20 նոյեմբերին հանդիպում տեղի ունեցաւ Հայաստան գտնուող ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ հայրենադարձ լիբանանահայերու միջեւ:

Հանդիպման մասնակցեցան ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեանն ու ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւետիս Կիտանեանը:

Հանդիպումին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը հաստատեց հայրենադարձներու հետ շարունակական հանդիպումներու կարեւորութիւնը: Ան նաեւ յայտնեց ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցի եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ պատգամաւորներու պատրաստակամութիւնը` կարելի բոլոր միջոցներով աջակցելու հայրենադարձներուն առջեւ ծառացած խնդիրներուն լուծման:

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի նախ եւ առաջ ընդգծեց ՀՅԴ աշխարհասփիւռ կառոյցներուն միջեւ համագործակցութիւնը` ի խնդիր թէ՛ համայնքներու, թէ՛ հայրենիքի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներու բարօրութեան:

Ան անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակին ու հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ հայ համայնքը կը մնայ աշհարհասփիւռ հայութեան կարեւորագոյն օղակներէն մէկը, անիկա քաղաքական միաւոր է երկրին սահմանադրութեամբ ու քաղաքական դրուածքով:  Բագրատունի նաեւ աւելցուց, որ այսօր Լիբանանի մէջ կը տիրէ շատ ծանր իրավիճակ, ու որոշ չափանիշներով նոյնիսկ աւելի վատթար, քան քաղաքացիական պատերազմի օրերուն:

Յակոբ Բագրատունին հարց տուաւ, թէ ի՞նչ պէտք է ընել, ապա նշեց, որ պատմութեան ընթացքին հաւաքականօրէն կամովին հայրենադարձութիւնը երբեք չէ յաջողած, իսկ Հայաստանի մերօրեայ իշխանութիւնները ո՛չ մէկ ձեւով պատրաստ են պետական մակարդակով հայրենադարձութիւն կազմակերպելու` այդ քայլին պահանջած ընկերային, տնտեսական, մշակութային եւ այլ պահանջներով:

«Հետեւաբար, որոշած ենք մնալ ու պայքարիլ: Իսկ այդ կը նշանակէ` ամէն ճիգ թափել, որ Լիբանանի մեր համայնքի ներկայ տագնապը մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ թեթեւցնենք», յայտնեց Յակոբ Բագրատունի` շեշտելով, որ Լիբանանի հայ համայնքի օժանդակութեան կոչին դրական ու գործնական քայլերով արձագանգած են բոլորը, սկսած Հայաստանի ու Արցախի ՀՅԴ կառոյցներէն, մինչեւ կաթողիկոսութիւններ եւ հայկական կազմակերպութիւններ, միութիւններ:

Հանդիպումի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին մեծ թիւով հայրենակիցներ իրենց կապի տուեալները փոխանցեցին Հայրենադարձներու խորհրդատուութեան գրասենեակի անձնակազմին` շարունակական կապի պահպանման համար:

 

 

Նախորդը

Խմբագրական. Չքաղաքականացնե՛լ Իրաւարար Վճիռը

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ուիլսընի Իրաւարար Վճիռի Տարեդարձին Առիթով Նամակ Մը Յղեց Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.