Եւրոպական Միութիւնը յայտարարութեամբ մը տեղեկացուց, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ համաձայնած են 15 դեկտեմբեր 2021-ին հանդիպում ունենալ Պրիւքսելի մէջ` Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովի շրջագիծին մէջ:
Հաղորդուած լուրին մէջ նշուեցաւ, որ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել 19 նոյեմբերին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ` շարունակելու այս շաբաթ աւելի կանուխ տեղի ունեցած քննարկումները շրջանին մէջ տիրող իրավիճակին եւ 15 դեկտեմբերին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունենալիք Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովի նախապատրաստութեան վերաբերող:
Եւրոպական խորհուրդի նախագահը առաջարկեց ընդունիլ Նիկոլ Փաշինեանն ու Իլհամ Ալիեւը` Պրիւքսելի մէջ Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովի ծիրին մէջ հանդիպում ունենալու: Առաջնորդները համաձայն գտնուեցան տեսակցելու եւ քննարկելու շրջանին մէջ տիրող իրավիճակն ու լարուածութիւնը յաղթահարելու ուղիները` յանուն կայուն եւ բարգաւաճ Հարաւային Կովկասի, բան մը, որուն կ՛աջակցի Եւրոպական Միութիւնը:
Յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները պայմանաւորուեցան պաշտպանութեան նախարարներու մակարդակով ուղիղ կապ ստեղծել` իբրեւ դէպքերու կանխարգիլման մեքանիզմ:



