Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միրէյ Կոկիկեան Կ՛արժանանայ Յատուկ Մրցանակի` «Լորենզօ Իլ Մանիֆիքօ» Ոսկեայ Մետալին

November 17, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանահայ գեղանկարիչ Միրէյ Կոկիկեան Իտալիոյ քաղաքներէն Ֆլորանսի մէջ մասնակցեցաւ «Ֆլորանս պիենալ» գեղանկարներու, քանդակի, լուսանկարներու, վիտէոյի, թուայնացած արուեստի, ինչպէս նաեւ արուեստի տարբեր ոճի ու ձեւի գործեր ընդգրկող ցուցահանդէսին, որ տեղի ունեցաւ 23-31 հոկտեմբեր 2021-ին:

Ցուցահանդէսին ներկայութիւնը համաշխարհային եւ արաբական մակարդակով աննախընթաց էր:

Ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 350 արուեստագէտներ, որոնք կը ներկայացնէին 87 երկիրներ:

Համաշխարհային կարեւորագոյն ցուցահանդէսներէն նկատուող «Ֆլորանս պիենալ»-ին Լիբանանը ներկայացուց գեղանկարիչ Միրէյ Կոկիկեան:

Ցուցահանդէսին թեման նուիրուած էր ժամանակակից կիներու, սակայն Մ. Կոկիկեանի մասնակցութեան նպատակն էր Լիբանանի պատգամը ներկայացնել եւ Պէյրութի քանդումը հոն փոխադրել, որովհետեւ կարելիութիւն ընձեռուած էր թեմայէն դուրս այլ գեղանկարներով մասնակցելու:

Մ. Կոկիկեան Ֆլորանսի ցուցահանդէսին մասնակցեցաւ 7 գեղանկարներով, որոնք mixed media ժանրի գործեր էին` նուիրուած Պէյրութի պայթումին:

Մ. Կոկիկեանի համաձայն, 7 գեղանկարները կը խորհրդանշեն յոյսի աղբիւրն ու գունաւոր կեանքի մը հետ երկխօսութիւնը` վկայելու համար, որ Լիբանան մոխիրներէն վեր պիտի յառնի: «Իսկ ինչո՞ւ 7 գեղանկարներ, որովհետեւ անոնց թիւը կը խորհրդանշէ աշխարհը ստեղծելու օրերուն տեւողութիւնը», կը հաստատէ ան:

Ցուցահանդէսի աւարտին «Ֆլորանս պիենալ»-ի դատական կազմին որոշումով Միրէյ Կոկիկեանի շնորհուեցաւ ցուցահանդէսին յատուկ մրցանակը` «Լորոնզօ իլ մանիֆիքօ» ոսկեայ մետալը:

Կարեւոր է աւելցնել, որ դատական կազմին մաս կը կազմէին` Եւրոպայի ամէնէն հռչակաւոր թանգարաններուն տնօրէնները, արուեստաբաններ, արուեստի պատմութեան մասնագէտներ, միջազգային չափանիշներով ցուցահանդէսի կազմակերպիչներ, քանդակագործներ եւ գեղանկարիչներ:

Լիբանանահայ գեղանկարիչը Լիբանանի անունը բարձր պահեց` առանձինն ներկայացնելով Լիբանանը, ինչպէս նաեւ` առանձինն հոգալով ցուցահանդէսի մասնակցութեան ծախսերը:

Նշենք, որ Միրէյ Կոկիկեանի ժանրը կիսաանհեթեթ է (semi abstract), կարմիրը իր իւրայատկութիւնն է, իսկ գոյներու ներդաշնակութեան պարգեւումը` իր հանճարը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Իմ Ազգը Պատրաստ Չէ Խաղաղութեան, Որովհետեւ Խաղաղութիւնը Նսեմ Չի Լինում. Գագիկ Գինոսեան

RelatedPosts

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
Ապրուած Օրեր.    ԺԱ. Եգիպտոսի Գոյները Եւ Ճոնին
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. ԺԱ. Եգիպտոսի Գոյները Եւ Ճոնին

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.