Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փրկենք

November 15, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Եթէ այսօր ցանկագրենք մեր դժուարութիւնները` կենցաղային, տնտեսական, կրթական, դրամատնային, առողջապահական եւ ապահովական, կրնամ ըսել, որ բաւական յուսահատական ու մտահոգիչ վիճակի մը մէջ կը գտնուինք:

Բոլոր մակարդակներու վրայ տնտեսական տագնապը քաոս ստեղծեց մեր ընտանեկան, անձնական, հաւաքական եւ ընդհանրական կեանքին մէջ:

Դրամի արժեզրկումը եւ ամսաթոշակներու անհեթեթ գումարը ո՛չ թափ ձգեցին ո՛չ տեսիլք, ոչ յստակ հորիզոն` գալիքի հաշուոյն:

Ելեկտրականութեան, ելեկտրածին շարժակներու ամսական ծախսը մեծ թիւով ընտանիքներու հաւասարակշռութիւնը խախտեց:

Փաստօրէն, օրինակի համար, ձմրան եղանակին գիւղերը գտնուողներուն, յատկապէս Այնճարի մեր հայրենակիցներուն ջեռուցման հարցը լուրջ տագնապ է այս սղաճին պատճառով:

Սակայն այս բոլորին զուգահեռ կայ ահաւորը, անընդունելին եւ կրկնակի ոճիր մը:

Եթէ մեծ պետութիւնները ելեկտրականութեամբ, տնտեսականով, դրամի արժեզրկումով, ցոյցերով, քաղաքական անել կացութեամբ, ուտեստեղէնի եւ այլ շրջափակումներով որոշում տուած են պատժել ժողովուրդ մը` Լիբանանի այսպէս ըսած համայնքի մը պատճառով, անընդունելի է դեղորայքի գծով տրուած անխիղճ եւ ոճրային որոշումը:

Այսօր Լիբանանի մէջ կան քաղցկեղէ տառապող հազարաւորներ, որոնք իրենց բուժումը կասեցուցած են դեղերու չգոյութեան պատճառով: Ո՛չ քիմիական բուժումը, ո՛չ դեղահատը, շատ յաճախ` ո՛չ ալ ռատիոյի բուժման միջոցները այլեւս գտանելի են:

Իսկապէս աշխարհի ո՛ր քաղաքակիրթ պետութեան որոշումն է ամբողջ ժողովուրդ մը այս ձեւով պատժել` վասն քաղաքական, շրջանային եւ տնտեսական ինչ-ինչ շահերու ու հաշիւներու:

Աւելի անհեթեթն ու զայրացնողը այն է, որ այս բոլորէն ետք, ինչպէս Աֆղանիստանի պարագային եղաւ, կողմերը կրնան վաղն իսկ ինչ-ինչ պատճառներով դարձեալ սիրաբանիլ, եւ ամէն բան կը վերագտնէ իր տեղը, սակայն մինչ այդ բուժումի չենթարկուող քաղցկեղի պարագաները ի՞նչ եղած պիտի ըլլան:

Պատերազմի պատճառած մահերը անպայման ռմբակոծումէն չեն այլեւս, փաստօրէն բուժումներէ զրկելով, յառաջիկայ ամիսներուն հարիւրաւոր մահեր պիտի ունենանք, իսկ ամբողջ աշխարհը այս ոճիրին լուռ ականատեսն է ու պիտի շարունակէ ըլլալ:

Դեղորայքի բացակայութիւնը նոյնքան անմարդկային վերաբերմունք է, ինչպէս արգիլուած կազային ռումբեր գործածելը: Ի՞նչ է տարբերութիւնը, նոյն նպատակին կը հասնին` մահ ու ոճիր:

Լիբանանահայութիւնը այս անմարդկային տագնապին մէջ է: Բոլոր կառոյցները կը փորձեն դուրսէն տարբեր միջոցներով դեղեր հայթայթել: Անձնական, հաւաքական եւ մարդկային բարեսիրական բոլոր կառոյցներուն կոչ կ՛ուղղենք, որ միասնաբար փրկենք հիւանդներուն կեանքերը:

 

 

Նախորդը

Շահէ Արք. Փանոսեան Այցելեց Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» Կեդրոն

Յաջորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Խօսքը` ՀՅԴ 131-ամեակի Հալէպի Հանդիսութեան

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.