Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպանական «Էլ Քոնֆիտենսիալ»-ի Կը Բացայայտէ Ազրպէյճանէն Կաշառք Ստացած Բարձրաստիճան Պաշտօնատարներու Անունները

November 13, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպանական յայտնի «Էլ Քոնֆիտենսիալ» օրաթերթը գրած է Ազրպէյճանի «Խաւիարային դիւանագիտութեան» եւ եւրոպական կառոյցներուն մէջ փտածութեան գործարքներու բացայայտման մասին:

Յօդուածին մէջ կը նշուին անունները այն բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն, որոնք միլիոնաւոր տոլարներ ստացած են` կանխարգիլելու համար Եւրոպական Միութեան կողմէ որդեգրումը զեկուցումի, ուր Ազրպէյճան կը բնութագրուի իբրեւ բռնապետական վարչակարգ:

Կը նշուի, որ սպանացի Փետրօ Ակրամունթը (Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախկին նախագահ). «Ազրպէյճանական լուացքատան» հետ առնչուած աղմկայարոյց բացայայտումներուն պատճառով հրաժարած է: Այս փտածութեան ճամբով եւրոպական ընկերութիւններու եւ դրամատուներու միջոցով շուրջ 2,9 միլիառ տոլար փոխանցուած է եւրոպացի պաշտօնեաներու դրամատնային հաշիւներուն` նպատակ ունենալով արտասահմանի մէջ Ալիեւի վարչակարգին հեղինակութիւնը վերականգնել:

Հրատարակութիւնը կը գրէ նաեւ «Խաւիարային դիւանագիտութիւն» (2021) վաւերագրական ժապաւէնի մասին, որուն մէջ ֆրանսացի լրագրող Պենուա Պրինկեր կը բացատրէ «Խաւիարային դիւանագիտութեան» դրսեւորումները, որոնք կատարուած են Կասպից ծովու ափի «ոչ ժողովրդավարական» երկիրներու կողմէ:

Ժապաւէնին համաձայն, այս երկիրներու իշխանութիւնները, ներառեալ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները, մշակած են «մութ բանաձեւեր», որպէսզի միջազգային եւ եւրոպական կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու մէջ տեղ ունենան` նոյն ատեն չկատարելով մարդու իրաւունքի ոլորտին մէջ իրենց պարտաւորութիւնները:

Ժապաւէնը կը պատմէ Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած ոչ ժողովրդավարական ընտրութիւններու, ալիեւներու կողմէ քաղաքական, տնտեսական եւ ֆինանսական ներուժի բռնագրաւման, խօսքի ազատութեան սահմանափակման, ինչպէս նաեւ եւրոպացի պաշտօնեաներուն կաշառք տալու դէպքերու մասին:

 

 

Նախորդը

Ըստ «Պլումպըրկ»-ի. Միացեալ Նահանգները Զգուշացուցած Են Եւրոպական Միութեան Անդամները Ռուսիոյ` Ուքրանիա Ներխուժման Հաւանականութենէն

Յաջորդը

Էրտողան «Ապերախտութիւն» Որակած Է` Գաղթականներու Ճգնաժամին Պատճառով Թուրքիոյ Ուղղուած Մեղադրանքները

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.