Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց նախարարական նիստի մը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ ընկերային պաշտպանութեան ռազմավարութեան Ա. օրինակը:
Նիստին ներկայ էին Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչի տեղակալ եւ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի համակարգող Նաժաթ Ռուշտի, Լիբանանի մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ներկայացուցիչ Եոքի Մոքիոն, Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան մէջ արաբական երկիրներու շրջանային տնօրէն Ռուպա Ժարտաթ, ինչպէս նաեւ փոխվարչապետ Սաատէ Շամի, առողջապահութեան նախարար Ֆիրաս Ապիատ եւ ընկերային հարցերու նախարարի ներկայացուցիչ Ռեմոն Թարապէյ:
Նիստէն ետք Ռուշտի յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթիի հետ գումարուած նիստը կարեւոր էր ընկերային պաշտպանութեան ռազմավարութեան մեկնարկը կատարելու իմաստով:
Ռուշտի ընդգծեց, որ ծրագիրը կը միտի Լիբանանի ապաքինումը երաշխաւորել, բարեկարգում իրագործել, ինչպէս նաեւ վերակառուցում ապահովել: Ան նշեց, թէ այդ ծրագիրին յաջողութեան համար կ՛աշխատին նուիրատու երկիրներ, ինչպէս նաեւ սեփական մարզի ու քաղաքացիական ընկերութեան ներկայացուցիչներ` աւելցնելով, որ այս ռազմավարութիւնը կը միտի կառավարութեան հովանաւորութեամբ մշակել նախատեսուած ծրագիրները եւ գետնի վրայ գործադրել զանոնք:
Իր կարգին, Եոքի Մոքիօ յարմար նկատեց, որ ընկերային պաշտպանութեան առումով Լիբանան ունենայ ազգային ռազմավարութիւն մը` յատկապէս ներկայ դժուար պայմաններուն ընթացքին:
Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպը եւ երկրագործութեան նախարար Ապպաս Հաժ Հասանը, որոնց հետ քննարկեց իրենց նախարարութիւններուն վերաբերող հարցեր:



