Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակը Կ՛ընդգծէ Գրգռիչ Հռետորաբանութենէն Եւ Սադրիչ Գործողութիւններէն Խուսափելու Կարեւորութիւնը

November 12, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանն ու Ճէյհուն Պայրամովը Փարիզի մէջ հանդիպում ունեցան` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Պրիս Ռոքֆոյի (Ֆրանսա), Էնտրիւ Շոֆըրի (Միացեալ Նահանգներ) եւ Իկոր Խովայեւի (Ռուսիա), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի մասնակցութեամբ:

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները հանդիպումին մասին երէկ հրապարակած են հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«Համանախագահները 10 նոյեմբերին Փարիզի մէջ առանձին հանդիպած են Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ: Համանախագահները երկու արտաքին գործոց նախարարները հիւրընկալած են միացեալ հանդիպումի մը մէջ, որուն բացումը կատարած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան: Հանդիպումներուն մասնակցած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք:

«Համանախագահները եւ արտաքին գործոց նախարարները շարունակած են Նիւ Եորքի մէջ սկսած քննարկումները լարուածութեան մեղմացման շարք մը հաւանական քայլերու եւ հոլովոյթի հետագայ քայլերու վերաբերեալ, ներառեալ այս ձեւաչափով ապագայ հանդիպումները եւ համանախագահներու առաջարկած այցելութիւնը շրջան: Համանախագահները եւ նախարարները քննարկած են նաեւ 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման ընթացքը:

«Համանախագահները վերահաստատած են մարդասիրական հարցերուն մէջ յառաջընթացի հասնելու կարեւորութիւնը, ներառեալ կալանաւորները, ականազերծումը, անհետ կորսուածները, տեղահանուածներու կամաւոր վերադարձը եւ պատմական ու մշակութային վայրերու պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ կողմերուն կոչ ուղղած են ապահովելու միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու առանց սահմանափակումներու հասանելիութիւնը: Համանախագահները նաեւ ընդգծած են գրգռիչ հռետորաբանութենէն եւ սադրիչ գործողութիւններէն խուսափելու կարեւորութիւնը:

«Համանախագահները 10 եւ 11 նոյեմբերին հանդիպած են Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Էլիզէի պալատի ներկայացուցիչներուն հետ` քննարկելու իրենց լիազօրութիւններուն համաձայն, շարունակական ջանքերու կարեւորութիւնը` օգնելու կողմերուն համապարփակ լուծումներ գտնելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին առնչուող կամ ատկէ բխող մնացեալ բոլոր հարցերուն համար»:

 

Նախորդը

Բողոքի Ցոյց` Ընդդէմ Գորիս-Կապան Ճամբուն Վրայ Ազրպէյճանական Մաքսակէտերու Տեղադրման

Յաջորդը

Ակնարկ. Համակարգուած Զիջումներ

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.