Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Սի. Էն. Էն.»-ի «Սի. Այ. Էյ.»-ի Տնօրէնը Մոսկուա Այցելած Է Ուքրանիոյ Հարցով Ռուսիան Զգուշացնելու Համար

November 11, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Սի.Էն.Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ուիլիըմ Պըռնզը ուղարկած է Մոսկուա` Ուքրանիոյ սահմաններուն վրայ ռուսական զինուորական կուտակումներուն հարցով Ռուսիան զգուշացնելու համար:

«Սի.Էն.Էն.» նշեց, որ այցելութեան նպատակը ռուսական ղեկավարութեան փոխանցելն էր, թէ Միացեալ Նահանգներ մօտէն կը հետեւին ուքրանական սահմանին մօտ կեդրոնացած ռուսական ուժերուն: Աղբիւրներ պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ Պըռնզ կ՛ուզէր նաեւ հասկնալ այս հարցին մէջ Քրեմլինի դրդապատճառները:

Ամերիկեան եւ ուքրանական լաւատեղեակ աղբիւրներ յայտնած են, թէ Պըռնզ ռուս պաշտօնատարներու հետ իր հանդիպումներէն ետք հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ:

Պըռնզ անցեալ շաբաթ իր կատարած երկօրեայ այցելութեան ընթացքին մտահոգութիւն յայտնած է, որ Ռուսիան կազի արտածումը իբրեւ զէնք կ՛օգտագործէ ճնշում բանեցնելու համար Ուքրանիոյ եւ եւրոպական պետութիւններուն վրայ, ուր ձմրան եղանակին ուժանիւթի նոր տագնապ կրնայ սկսիլ:

Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի մօտ ռուսական պատուիրակութեան փոխղեկավար Անտրէ Փիլոսով նշեց, որ Խրիմի մէջ ռուսական զինուորական գործունէութիւնը Ռուսիոյ պաշտպանական կարիքները չի շրջանցեր եւ շրջանին մէջ կայունութեան կարեւոր ազդակ է:

Ան շեշտեց, որ Խրիմի թերակղզիին մէջ ռուսական զինուորական ներկայութիւնը ամբողջովին օրինական է, որովհետեւ Խրիմը ռուսական հող է:

Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ալեքսէյ Ռիզնիքով իր կարգին յայտնեց, որ իր երկիրը թրքական «Պայրաքթար» անօդաչու թռչող սարքեր Տոնպասի մէջ օգտագործելով Մինսքի համաձայնագիրը չէ ոտնահարած, հակառակ այն իրողութեան, որ այդ համաձայնութիւնը կ՛արգիլէ ատիկա:

Ան պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Կ՛ուզեմ ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել Մինսքի համաձայնութեան վրայ, որ յստակօրէն կ՛արգիլէ անօդաչու թռչող սարքերու օգտագործումը: Սակայն գոյութիւն ունի մէկ բառ, զոր կը մոռնան նոյնիսկ մեր գերմանացի բարեկամները, «օտար օդանաւեր»-ը: Եւ ատիկա կը նշանակէ, թէ ռուսերուն կ՛արգիլուի ուքրանական հողերուն վերեւ անօդաչու թռչող սարքեր օգտագործել, եւ մենք մեր հողերուն վրայ ենք, եւ ասոնք ուքրանական անօդաչու թռչող սարքեր են»:

ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Վասիլի Նեփենզիա իր կարգին յայտնեց, որ Տոնպասի մէջ Ուքրանիոյ կողմէ «Պայրաքթար»-ներու օգտագործումը շատ վտանգաւոր խաղ է, եւ թերեւս չի պատկերացներ ատոր հետեւանքները:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Ուքրանիոյ հարաւարեւելեան տագնապի գօտիին մէջ միայն ԵԱՀԿ-ի հսկիչները իրաւունք ունին անօդաչու թռչող սարքեր օգտագործելու:

Յիշեցնենք, որ ուքրանական բանակը 6 նոյեմբերին Լուկանսքի մէջ «Պայրաքթար» անօդաչու թռչող սարքով յարձակում գործած էր:

 

 

Նախորդը

Անծանօթ Շարժում Մը Կը Հրապարակէ Իր Մօտ Գերի Պահուող Իսրայէլացի Սպաներու Մասին Նոր Տեսերիզ Մը

Յաջորդը

Մուսուլի Արեւելքը Գտնուող Թրքական «Զլիքան» Ռազմակայանը Հրթիռակոծուած Է

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
Ամերիկացիներուն Հետ Տակաւին Հանդիպումներու  Կամ Հաղորդակցութիւններու Չգոյութիւնը Նշելով`  Արաղչի. «Թէ՛ Բանակցութիւններուն,  Թէ՛ Ալ Պատերազմին Պատրաստ Ենք»
Միջազգային

Ամերիկացիներուն Հետ Տակաւին Հանդիպումներու Կամ Հաղորդակցութիւններու Չգոյութիւնը Նշելով` Արաղչի. «Թէ՛ Բանակցութիւններուն, Թէ՛ Ալ Պատերազմին Պատրաստ Ենք»

January 31, 2026
Դամասկոս Քիւրտերուն Հետ Համապարփակ  Զինադադարի Համաձայնութեան Եւ Աստիճանական  Համարկումի Փոխհասկացողութեան  Գոյացումը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Դամասկոս Քիւրտերուն Հետ Համապարփակ Զինադադարի Համաձայնութեան Եւ Աստիճանական Համարկումի Փոխհասկացողութեան Գոյացումը Յայտարարեց

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.