Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմէն Գրիգորեան. «Հայաստան Եւ Ազրպէյճան Գորիս-Կապան Ճամբուն Վրայ Մաքսակէտեր Պիտի Տեղադրեն»

November 11, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` չորեքշաբթի, 10 նոյեմբեր 2021-ին, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Հանրային պատկերասփիւռի կայանի «Լուրեր»-ու ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանը Գորիս-Կապան ճամբուն վրայ մաքսային եւ սահմանային հսկողութեան գործառոյթներ իրականացնող կէտեր կը տեղադրէ` հակադարձելով Ազրպէյճանի որոշումին` նոյն վայրին մէջ մաքսակէտ դնելու:

«Այսօր ազրպէյճանական կողմը հայկական կողմին տեղեկացուցած է, որ այսօրուընէ` գիշերը 12:00-էն սկսեալ` Գորիս-Կապան ճամբու հատուածին վրայ պիտի իրականացնէ սահմանային եւ մաքսային հսկողութեան գործառոյթ, այսինքն` մաքսակէտեր պիտի տեղադրէ: Հայկական կողմը եւս համապատասխան քայլերու պիտի ձեռնարկէ: Այսինքն, ճամբու այդ հատուածին մէջ եւս պիտի տեղադրէ մաքսային եւ սահմանային հսկողութեան գործառոյթներ իրականացնող կէտեր, եւ այդ աշխատանքները մենք նախապէս արդէն սկսած ենք, որպէսզի այդ ուղղութեամբ աշխատինք: Բայց քանի որ, ինչպէս յայտարարուած է արդէն, պատրաստ է Կապան-Տաթեւ ճամբան, այնտեղէն ալ կամ Գորիս, կամ Երեւան, կարելի է ըսել, անվտանգ շահագործուող ճամբայ ունինք, այլընտրանքային ճամբան այլեւս պատրաստ է` ինչպէս ապրանքներ տեղափոխելու, այնպէս ալ այլ տեսակի որեւէ մեքենայի համար ճամբան օգտագործելի է: Շատ կարեւոր է, որ նոր կառուցուած ճամբայ ունինք», յայտնեց Գրիգորեան:

Ան աւելցուց, որ վերջին շրջանին Երեւան-Կապան ճամբան վերջին 15 տարուան ընթացքին լաւագոյն բարեկարգուած ճամբան է:

 

Նախորդը

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Խմբակցութիւններու Յայտարարութիւնը. «Հայրենիքի Մէջ Արցախահայութեան Անվտանգ Ապրիլը Կարելի Է Միայն Արցախի Ճանաչման Պարագային»

Յաջորդը

Նիկոսիոյ Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Կիպրոս-Հայկական Բարեկամութեան Պուրակին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.