Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բողոքի Հաւաք Եւ Քայլարշաւ Դէպի Թրքական Դեսպանատուն

November 11, 2021
| Անդրադարձ, Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի դէմ սանձազերծուած 44-օրեայ պատերազմի հրադադարի տարելիցը ընդվզումի մեծ ալիք մը բարձրացուցած է ամբողջ հայութեան մէջ, որ արդէն իսկ այս օրերուն, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան առաջնորդութեամբ, հայագաղութներուն մէջ կ՛արտայայտուի բողոքի հաւաքներով` ընդդէմ թուրք-ազրպէյճանական շարունակուող յարձակողականութեան:

ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի եւ ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան համակազմակերպութեամբ, յունահայութիւնը իր բողոքը արտայայտեց կիրակի, 7 նոյեմբեր 2021-ին, Յունաստանի խորհրդարանին առջեւ գտնուող Աթէնքի կեդրոնական Սինտաղմա հրապարակին վրայ:

Արդէն օրեր առաջ, ՀՅԴ երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ, տեղեկատուական յատուկ կրպակ մը կանգնած էր հրապարակի կեդրոնը, որուն շուրջ մէկտեղուեցաւ Աթէնքի հայութիւնը եւ ճամբայ ելաւ դէպի թրքական դեսպանատուն:

Կանուխէն հոն հասած էին ՀՅԴ երիտասարդական եւ պատանեկան միութեան անդամները, որոնք Արցախի զօրակցութեան լոզունգով յատուկ շապիկներ հագած` իւրայատուկ պատկեր մը կը ներկայացնէին:

Հարիւրաւոր հայրենակիցներ արդէն բոլորուած էին կրպակին շուրջ, ուրկէ հայերէն երգերով եւ տեղեկատուական խօսքերով մեր երիտասարդները իրազեկ կը դարձնէին հասարակութիւնը:

Նախքան քայլարշաւի մեկնարկը` հրապարակին վրայ գործադրուեցաւ յատուկ յայտագիր մը: Ներկայ էին` Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Թագւոր Յովակիմեան եւ անդամները, միութիւններու ներկայացուցիչները, կոմիտէներու կազմերը եւ մեծաթիւ երիտասարդութիւն: Ներկայ էին նաեւ Յունաստանի Համապոնտական միութեան նախագահ Եորղոս Վարիթիմիասիս եւ Պոնտական երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչը:

Յայտագիրի սկիզբը պատանեկան միութեան 44 անդամներ, խորհրդանշելով պատերազմի 44 դառն օրերը, կանգնեցան հրապարակի աստիճաններուն վրայ` իրենց ձեռքերուն մէջ բռնած Արցախի դրօշը, իսկ անոնց բերանները կապուած էին լռութեան նշաններով` լուռ բողոքի յատկանշական եւ միաժամանակ յուզիչ պատկերը տալով:

ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբին եւ երիտասարդական միութեան կողմէ յաջորդաբար խօսք առին Յարութիւն Սպարթալեան եւ Արմէն Աճեմեան, որոնք անդրադարձան թուրք եւ ազերի ու անոնց վարձկաններու յարձակողականութեան եւ պատերազմի դառն հետեւանքներուն: Երկու ընկերներուն խօսքերը պիտի հրատարակուին առանձնաբար:

Խօսքերու աւարտին, պատասխանատուներու ազդանշանին հետեւելով, համախմբուած ժողովուրդը ճամբայ ելաւ դէպի թրքական դեսպանատուն:

Ժողովրդային մեծ շարքին սկիզբը կը քալէին 44 պատանիները` Արցախի դրօշը իրենց ձեռքին ու կը յաջորդէին ՀՅԴ երիտասարդական միութեան անդամները` պաստառներով եւ հայկական դրօշակներով: Անոնց ետեւը տպաւորիչ էր ժողովուրդին ներկայութիւնը, որ կը հետեւէր նաեւ բարձրախօսներէն արտասանուած խօսքերուն, որոնք քայլարշաւի ամբողջ տեւողութեան կը լսուէին եւ անցորդները տեղեակ կը պահէին: Պէտք է նշել նաեւ, որ ոստիկանական ուժերու ներկայութիւնը զգալի էր, մինչ ժողովուրդը խաղաղ, սակայն լուռ ցասումով քալեց օրինաւորութեամբ եւ յարգանքով` ընդվզումի ալիքին ընդմէջէն իր անթիւ նահատակներու յիշատակը յարգելով:

Ժողովրդային երթը կանգ առաւ թրքական դեսպանատունէն որոշ հեռաւորութեան վրայ` Ռիղիլիս հրապարակին առջեւ, մինչ ոստիկանական զրահապատ ինքնաշարժները փակած էին ճամբան դէպի դեսպանատուն:

Տեղւոյն վրայ պատանեկան եւ երիտասարդական միաւորներու անդամները շարուեցան ժողովուրդին առջեւ եւ իրենց դրօշակներով ստեղծեցին հայկական գոյներու տպաւորիչ պատ մը: Հոն էր, որ ի նշան բողոքի եւ բուռն ընդվզումի` մեր պատանիները իրենց բերաններէն քաշեցին լռութեան նշանները, ցոյց տալով պայքարի պատրաստակամութիւնը թրքական դեսպանատան դիմաց:

Համախմբուած ժողովուրդը ունկնդրեց ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբի մամլոյ յայտարարութիւնը, որ անմիջապէս յետոյ պիտի ղրկուէր յունական եւ օտար մամուլին:

Հաւաքի աւարտէն առաջ տեղի ունեցաւ յատուկ մոմավառութիւն: ՀՅԴ պատանեկան միութեան 44 անդամները իրենց ձեռքերուն մէջ ունէին սպիտակ օդապարիկներ, որոնց մէջ վառած էին յատուկ ճրագներ: Մէկ անգամէն բոլոր օդապարիկները երկինք բարձրացան` երեկոյեան մութին մէջ ստեղծելով տպաւորիչ պատկեր մը: Մեր զոհուած քաջամարտիկներու լուսաւորուած հոգիներն էին, որոնք խորհրդանշական կերպով այդ պահուն կը խոյանային դէպի վեր, մինչ ժողովուրդը յուզուած կը դիտէր անոնց վերելքը:

Ժողովրդային բողոքի հաւաքը թրքական դեսպանատան առջեւ վերջ գտաւ ներկաներուն կողմէ միաբերան երգուած հայկական եւ յունական ոգերգներով: Նշենք, որ մեծ թիւով յունական եւ օտար լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչներ հետեւեցան բողոքի ցոյցին եւ նկարահանումներով սփռեցին ցոյցի ընթացքը: Հայ դատի եւ երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչները տեղեկատուական հարցազրոյցներ տուին ներկայ եղող լրատուամիջոցներուն:

 

Նախորդը

Գաղութէ – Գաղութ

Յաջորդը

Այսօր Պարտուածի Եւ Լքման Տխուր 9 Նոյեմբեր Է. Տեւելու Համար` Ազգային-Քաղաքական Եւ Մշակութային-Լեզուական Վերականգնում

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Եգիպտոսի Խորհրդաժողով-Շրջապտոյտ  (25 Սեպտեմբեր – 7 Հոկտեմբեր)
Գաղութէ Գաղութ

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Եգիպտոսի Խորհրդաժողով-Շրջապտոյտ (25 Սեպտեմբեր – 7 Հոկտեմբեր)

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.