Միացեալ Նահանգներ Օմանի ծոցին մէջ փորձած են յարձակիլ իրանեան քարիւղատարի վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը:
Ամերիկացի զինուորները Ծոցի տարածքին մէջ փորձած են գրաւել նաւը, սակայն Իրանի ծովուժը արգելք հանդիսացած է:
Թեհրան կատարուածը կոչած է Միացեալ Նահանգներու կողմէ իրանեան քարիւղը գողնալու փորձ: Միջադէպէն ետք քարիւղատար նաւը ստիպուած եղած է վերադառնալ Իրանի տարածքային ջուրեր:
Գործակալութիւնը կը մանրամասնէ, որ Միացեալ Նահանգներ Օմանի ծովուն մէջ գրաւած են իրանեան քարիւղ փոխադրող նաւը եւ քարիւղի բեռը ուղղորդած դէպի մէկ այլ քարիւղատար ու տարած անյայտ ուղղութեամբ:
Միեւնոյն ժամանակ, Յեղափոխական պահակագունդի ուժերը ետ գրաւած են քարիւղատարը, զայն ուղղորդած դէպի Իրանի տարածքային ջուրեր: Ապա ամերիկեան ուժերը հետապնդած են քարիւղատարը` օգտագործելով քանի մը ուղղաթիռներ եւ մարտանաւեր, սակայն ձախողած են Յեղափոխական պահակագունդի վճռական գործողութիւններու պատճառով:
Ամերիկեան ուժերը, օգտագործելով որոշ մարտանաւեր, փորձած են փակել քարիւղատարի ճամբան, սակայն դարձեալ ձախողած են: Այս քարիւղատարը ներկայիս կը գտնուի Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան տարածքային ջուրերուն մէջ:
Յեղափոխական պահակագունդը յայտարարած է, որ շուտով պիտի հրապարակէ Միացեալ Նահանգներու ծովահէնութեան փորձի տեսագրութիւնը:
Փենթակոնէն պաշտօնատար մը «Սքայ Նիուզ»-ին յայտնած է. «Յեղափոխական պահակագունդի իրանեան քարիւղատարին վերաբերեալ պնդումները սուտ են, եւ պարզապէս պատասխանի արժանի չեղող գովազդ»:



