Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուքրանիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը Յայտնած Է, Որ Ռուսիոյ Սահմանին Վրայ 90 Հազարնոց Զօրք Տեղակայուած Է

November 4, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ նոյեմբերի սկիզբի դրութեամբ ուքրանական սահմաններուն մօտ եւ «ժամանակաւոր կերպով բռնագրաւուած» տարածքներուն մէջ տեղակայուած է շուրջ 90 հազար ռուս զինուոր: Այս մասին կը գրէ ուքրանական «Փրաւտա» կայքը:

«Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը ուշադիր կը հետեւի Ռուսիոյ հետ Ուքրանիոյ պետական սահմանին մօտ եւ Խրիմի եւ Տոնեցքի ու Լուկանսքի շրջաններու ժամանակաւոր կերպով բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ կացութեան:

«Ուքրանիոյ հետախուզական գործակալութիւններուն տրամադրած փաստերը իրենց հաստատումը կը գտնեն Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած կացութեան մասին տեղեկատուութեան փոխանակման մէջ:

«Պաշտպանութեան նախարարութեան հետախուզութեան գլխաւոր վարչութեան տուեալներով` 2021 թուականի նոյեմբերի սկիզբի դրութեամբ մեր սահմանին մօտ եւ Ռուսիոյ ժամանակաւոր կերպով բռնագրաւած տարածքներուն մէջ կեդրոնացած է ուժերու խմբաւորում` շուրջ 90000 մարդ ընդհանուր թիւով», կը նշուի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Ուքրանիոյ զինեալ ուժերու զօր. Ալեքսանտր Փաւլիուք երէկ յայտարարած էր, որ Ուքրանիան պատրաստ է մագլցումի եւ Տոնպասի մէջ զինուորական գործողութիւններու նոր փուլի:

«Մենք պատրաստ ենք մագլցումի, պատրաստ ենք զինուորական գործողութիւններու նոր փուլի, բացի կայունացման գործողութենէն, մենք պատրաստ ենք պաշտպանական գործողութեան, կարելիութեան պարագային հակայարձակողական գործողութիւն պիտի կատարենք», ըսած է Փաւլիուք:

Ան վստահեցուցած է, որ ուքրանական զօրքերը պատրաստ են ատոր: Բացի ատկէ, Փաւլիուք ըսած է. «Տոնպասի ինքնահռչակ հանրապետութիւններու ներկայացուցիչները չենք նկատեր անկախ միաւորներ, որոնք ունին իրենց կարծիքը»:

«Ասոնք սովորական խամաճիկներ են: Այս ամէնը ունի մէկ նպատակ` նուազագոյնի հասցնել Ուքրանիոյ ներուժը եւ զայն ստիպել նստիլ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ Ռուսիոյ պայմաններով», նկատած է զօրավարը:

Նշենք, որ Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարար Անտրէյ Թարանը երեքշաբթի օր ներկայացուցած է իր հրաժարականը:

Նախորդը

«Սի. Այ. Էյ»-ի Եւ Ռուսիոյ Արտաքին Հետախուզութեան Տնօրէնները Մոսկուայի Մէջ Ժողով Գումարած Են

Յաջորդը

Թուրքիոյ Մէջ Ազգայնականները Պարկեր Անցուցած Են Ամերիկացի Զինուորներու Գլուխներուն

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.