Թոքիոյի ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի կրկնակի պրոնզէ մետալակիր, Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան Յովհաննէս Բաչքով, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Պելկրատի մէջ (Սերպիա) տեղի ունեցող աշխարհի կռփամարտի ախոյեանութեան, երէկ իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը:
Հայրենի 28 տարեկան մարզիկը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ 63,5 քկ դասակարգի մրցումներուն, 1-8-րդ հանգրուանին իր յաղթանակը արձանագրեց իտալացի Ճիանլուիճի Մալանկայի դէմ` 3-2 արդիւնքով:



