Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ա. Սէ. Միլան, որ Հռոմի ողիմպիական մարզադաշտին վրայ հիւրը եղաւ Ա. Էս. Ռոմայի, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Այսպիսով, անիկա եկաւ վերջ դնելու փորթուգալցի Ժոզէ Մուրինիոյի գլխաւորած կազմին անպարտելիութեան. Մուրինիոյի հետ հռոմեան կազմը իր դաշտին վրայ ախոյեանութեան գծով չէր պարտուած:
Նշենք, որ Մուրինիօ մինչեւ այս հանդիպումը յաջորդաբար 43 մրցումի ընթացքին չէր պարտուած իր սեփական դաշտին վրայ` Իտալիոյ մէջ, բնականաբար նկատի առնելով 38 մրցում` Ինթեր Միլանի հետ:
Ասիկա ամէնէն երկար շարքն է «Քալչիօ»-ի մէջ` 1994-1995 տարեշրջանէն ետք:
Ա. Էս. Ռոմային մաս կազմող Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան, որ դաշտ ներկայացած էր իբրեւ հիմնական մարզիկ, Բ. կիսախաղին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:



