Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 2, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 201 վարակուածներ եւ մահացած 7 ուրիշներ:

ԻՐԱՆԻ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա քաջ գիտէ, թէ Լիբանանի վրայ բանեցուած ճնշումներու քաղաքականութիւնը անհեթեթ է եւ ապարդիւն:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Տեղեկահաւաքի բաժանմունքը Զուք Միքայէլի եւ Հատասի մէջ ձերբակալած է թմրեցուցիչի չորս մաքսանենգներ` գործադրելով տեսակարար երկու գործողութիւններ:

ՊԵՏԱԿԱՆ հաստատութիւններու վարչութեանց լիկան հինգշաբթի, 4 նոյեմբեր 2021-էն սկսեալ բաց գործադուլ յայտարարեց:

ԱԶԳԱՅԻՆ երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի յայտնեց, որ տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահի պէտք է հրաժարի` առաջնահերթ նկատելով լիբանանցիներուն շահերը: Ան շեշտեց, որ ինք համոզուած է, թէ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի պաշտօն ստանձնած է փրկելու համար Լիբանանի իշխող դասակարգը եւ ոչ թէ Լիբանանը:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ մագլցողական տիպի յայտարարութիւնները չեն օժանդակեր Լիբանանի դիմագրաւած վտանգաւոր տագնապը յաղթահարելու, այլապէս` անոնք քանդիչ հետեւանքներ պիտի ունենան:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ ինք չի բացառեր այն իրողութիւնը, որ Հըզպալլան քաջալերած ըլլայ Քըրտահին` իր հրաժարականը չներկայացնելու առիթով:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի կոչ ուղղեց կառավարութեան անմիջապէս հրաժարելու, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ նկատեց, որ լիբանանցիները պահանջեն Իրանէն Լիբանանի վրայ երկարած իր ձեռքը վերցնել:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ իրենք կառչած պիտի մնան Լիբանանի շահերուն` աւելցնելով, որ շանթաժն ու պարտադրանքները իրենց համար անընդունելի են:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, դիւանագիտական աղբիւրներ յայտնեցին, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան ղեկավարները լիբանանցի պատասխանատուներուն հետ ուղղակի կապի մէջ են` արգիլելու համար Լիբանանի կառավարութեան տապալումը:

 

Նախորդը

Հայկական Երեսփոխանական Գրասենեակի Ճամբով` 2000 Կարիքաւոր Աշակերտներ Կը Ստանան Օժանդակութիւն

Յաջորդը

Պայտըն Լիբանանեան Բանակին 47 Միլիոն Տոլարի Յատուկ Նուիրատուութիւն Պիտի Յատկացնէ

RelatedPosts

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Պատրաստ Է Իրանի Հետ  Տնտեսական Եւ Առեւտրական  Յարաբերութիւններու Ամրապնդման»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Պատրաստ Է Իրանի Հետ Տնտեսական Եւ Առեւտրական Յարաբերութիւններու Ամրապնդման»

January 10, 2026
Աուն-Ֆոն Տեր Լեյեն-Քոսթա Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Աուն-Ֆոն Տեր Լեյեն-Քոսթա Բանակցութիւններ

January 10, 2026
Ֆրանսա Կ՛ողջունէ Զէնքի Մենաշնորհման  Ծրագիրի Առաջին Փուլի Իրագործումը
Լիբանանեան

Ֆրանսա Կ՛ողջունէ Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի Առաջին Փուլի Իրագործումը

January 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.