Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերամուտ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի

November 2, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գրեթէ երկու տարուան պարտադիր «արձակուրդէ» ետք, 30 սեպտեմբերին կեանքը վերադարձաւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին մէջ, որուն դռները բացուեցան` գրկաբաց ընդունելու աշակերտները: Ամայի ու լուռ բակին մէջ վերստին  լսուեցան աշակերտներուն ուրախ կանչերը:

30 սեպտեմբերէն մինչեւ 6 հոկտեմբեր երկարող շաբթուան ընթացքին, հանգրուանաբար տեղի ունեցաւ վարժարանի տարբեր բաժանումներու` երկրորդականի, միջնակարգի, նախակրթարանի եւ մանկապարտէզի վերամուտը: Բոլորին պարագային, աշակերտները նախ ունկնդրեցին Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգները, ապա ունկնդրեցին տնօրէնուհի Անի Բագրատունիի ողջոյնի խօսքը, սուրբ հաղորդութիւն ստացան ձեռամբ Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեանի եւ, վերջապէս , դասարան առ դասարան ստանձնեցին Տիթրոյթի հայութեան կողմէ պրամադրուած գրենական պիտոյքները:

Իր խօսքին մէջ Ա. Բագրատունի շեշտեց, որ դպրոցը առանց աշակերտի քարէ շէնք է միայն` առանց շունչի ու կեանքի: Ան խօսեցաւ անցնող մէկուկէս տարուան կրթական անբնական կեանքին մասին, որ հետեւանքն էր «Քորոնա» համավարակին: Բագրատունի մաղթեց, որ բնականոն ու յաջող տարեշրջան մը ունենան: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Տիթրոյթի հայ համայնքին, որուն ազնիւ արարքին շնորհիւ Ազգային Ե. Մանուկեան քոլեճի բոլոր աշակերտներուն ապահովուեցան ամբողջ տարուան գրենական պիտոյքները: Ան նաեւ շեշտեց, որ վարժարանին մէջ որդեգրուած են միջոցառումներ` կանխարգիլելու համար «Քորոնա» ժահրին տարածումը:

Մանկապարտէզի վերամուտը տարբեր բնոյթ ունեցաւ, որովհետեւ փոքրիկ աշակերտներուն հետ դպրոց ժամանած էին նաեւ ծնողները, որոնք իրենց զաւակներուն հետ հաճելի պահեր անցուցին մանկապարտէզի շրջափակէն ներս` խաղալով, պարելով ու երգելով:

Վերամուտին յաջորդող շաբաթը կը զուգադիպէր Թարգմանչաց տօնին: Այս առիթով աշակերտներուն կարդացուեցաւ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի պատգամը: Իսկ դասապահերուն հայերէնի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչները աշակերտներուն հետ յիշատակեցին գիրերու գիւտը, ծանօթացան թարգմանիչներուն,  անոնց աշխատանքին ու դերակատարութեան` հայ ժողովուրդի պատմութեան ու գոյատեւման պայքարին մէջ:

Անցեալ տարուան Ծաղիկ դասարանի աշակերտները կը դիմաւորուին նախակրթարանի աշակերտներուն կողմէ

Նախորդը

Կարսից` Արցախ

Յաջորդը

Կարօտցանք

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.