Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թայյունէի Հարցը Հետզհետէ Աւելի Սուր Բնոյթ Կը Ստանայ. Սամիր Ժահժահ Հարցաքննութեան Կանչուեցաւ, Իսկ Սէյիտ Նասրալլայի Դէմ Դատական Հայց Յարուցուեցաւ

October 26, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջին օրերու, եթէ ոչ վերջին ժամերու դատական զարգացումները որոշ հարցականներ կը ստեղծեն Թայյունէի զինեալ բախումներու թղթածրարին շուրջ բացուած հետաքննութեան գծով: Արդարեւ, բանակի գաղտնի սպասարկութեանց տնօրէնութիւնը երէկ հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ Թայյունէի դէպքերուն գծով հետաքննութիւնը աւարտած է, եւ կասկածելիներու ցանկը փոխանցուած է Զինուորական ընդհանուր դատախազութեան:

Այս գծով Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ դատաւոր Ֆատի Աքիքի 68 կասկածելիներու ցանկ մը պատրաստած է առ ի հարցաքննութիւն Թայյունէի դէպքերուն գծով` հիմնուելով արդէն իսկ արգելափակեալ 18 կասկածելիներու խոստովանութիւններուն հիման վրայ: Ըստ լրատուական կարգ մը աղբիւրներու, ձերբակալեալներէն 17-ն անդամ կամ համակիր են Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան: «Իրթիքազ» լրատուական կայքի տնօրէն, լրագրող-մեկնաբան Սալեմ Զահրանի կարծիքով` ձերբակալեալ կասկածելիները վտանգաւոր խոստովանութիւններ կատարած են` դէպքերուն պատասխանատուութիւնը վերագրելով Լիբանանեան ուժեր  կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կողմէ իրենց ուղղուած հրահանգներուն: «Անոնք Թայյունէի դէպքերէն մէկ գիշեր առաջ տեղակայուած են Թայյունէի եւ մերձակայ թաղամասերուն մէջ եւ յարձակում կատարած քաղաքացիներուն դէմ` երկպառակութեան հրահրման նպատակով»:

Այս մթնոլորտին մէջ Զինուորական վերադատ ատեանը երէկ կոչ ուղղեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահին դատարան  ներկայանալու վաղը` չորեքշաբթի, 27 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 9:00-ին, լսելու համար իր վկայութիւնը Թայյուննէի դէպքերուն գծով:

Ժահժահի ուղղուած այս կոչը դուռ բացաւ զանազան հակազդեցութիւններու եւ մեկնաբանութիւններու: Այս իրադարձութեան անդրադառնալով` երեսփոխան Շաուքի Տաքքաշ այցելեց Պքերքէ եւ խորհրդակցեցաւ Թայյունէի դէպքերու նորագոյն զարգացումներուն շուրջ: Տաքքաշ ըսաւ, թէ` «այսօր կը սկսի նոր փուլ մը», վերահաստատելով Ռայի պատրիարքի այն յայտարարութիւնը, թէ «իրենք կը մերժեն Թայյունէի դէպքերու թղթածրարը փոխանակել Պէյրութի նաւահանգիստի հետաքննութեան թղթածրարով»: «Լիքաա Սայիտաթ Ժապալ» համախմբումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Ֆարես Սուէյտ կոչ ուղղեց «նախագահ Աունի եւ վարչապետ Միքաթիի հրաժարման եւ լիբանանեան հարցի միջազգայնացման»: Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխաններէն Ժորժ Օքէյս կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն` «փութալ հայրենիքի օգնութեան»: «Վաղը, երբ արտաքսուիք, մոռցուիք, տեղահանուիք, մի՛ այպանէք ձեր ճակատագիրը, այլ` այպանեցէ՛ք ձեր լռութիւնը երբ կրնայիք խօսիլ, այպանեցէ՛ք ձեր ձեռնածալ մնալը, երբ կրնայիք շարժիլ, այպանեցէ՛ք ձեր աչքերը, երբ կրնայիք իրողութիւնները տեսնել», նշեց Օքէյս «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ կատարած գրառումով:

Նաեւ` Հըզպալլայի Ընդհանուր Քարտուղարին Դէմ

Փոխադարձաբար, Այն Ռըմմանէի շրջանէն կարգ մը բնակիչներ դատական հայց յարուցեցին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի դէմ` իրենց բնակարաններուն եւ անշարժ գոյքերուն վրայ յարձակումներու հրահրման մեղադրանքով:

Միւս կողմէ, Հըզպալլայի երեսփոխան, Դիմադրութեան պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ «Լիբանանի դատական համակարգը վերատեսութեան կը կարօտի»:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Բարդացման Մթնոլորտին Մէջ. Անմիջական Լուծման Ճիգերը Կ՛աշխուժանան Մէկէ Աւելի Ուղղութեամբ

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ  Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման,  Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման, Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»

October 8, 2026
Սալամ Ստիի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան  Մատակարարման Յաւելեալ Կարելիութիւնները
Լիբանանեան

Սալամ Ստիի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան Մատակարարման Յաւելեալ Կարելիութիւնները

October 8, 2026
Արաղչի. «Իրան Կը Զօրակցի Լիբանանի Հողերուն  Ամբողջականութեան Եւ Պատրաստ Է  Անոր Կայունութեան Պահպանման Նպաստելու»
Լիբանանեան

Արաղչի. «Իրան Կը Զօրակցի Լիբանանի Հողերուն Ամբողջականութեան Եւ Պատրաստ Է Անոր Կայունութեան Պահպանման Նպաստելու»

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.