Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին. «Սահմանին Վրայ Կացութեան Կարգաւորումը Առանց Ռուսիոյ Կարելի Չէ. Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Կրնան Հարցը Լուծել Խորհրդային Քարտէսներուն Հիման Վրայ, Սակայն Հոլովոյթը Փոխզիջումներ Կը Պահանջէ»

October 23, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին «Վալտայ» քննարկման ակումբի հանդիպումին ընթացքին, այլ հարցերու կողքին անդրադարձած է Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած կացութեան` նշելով, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը կրնան սահմանի հարցը լուծել խորհրդային ժամանակաշրջանի քարտէսներուն հիման վրայ, սակայն այդ հոլովոյթը փոխզիջումներ կը պահանջէ:

«Այժմ կարեւորագոյնը սահմանին վրայ կացութեան կարգաւորումն է: Եւ այստեղ, ի հարկէ, առանց Ռուսիոյ մասնակցութեան ոչինչ կարելի է ընել: Այստեղ նոյնիսկ մեզի, թերեւս, ուրիշ ոչ ոք պէտք է, բացի երկու կողմերէն ու Ռուսիայէն: Ինչո՞ւ: Այստեղ շատ պարզ, գործնապաշտ բաներ կան: Այո՛, որովհետեւ ռուսական բանակի սպայակոյտին մէջ կան քարտէսներ, որոնք ցոյց կու տան, թէ միութենական հանրապետութեան սահմանը խորհրդային ժամանակաշրջանին ինչպէ՛ս անցած է: Այնտեղ բաներ կան, որոնք նոյնպէս փոխզիջումներ կը պահանջեն` տեղ մը բան մը լուծել, տեղ մը բան մը փոխանակել: Միայն այնպէս, որ ատիկա ճանչցուի, հասկնալի ըլլայ, որ ատիկա երկու կողմերուն ալ ձեռնտու է», ըսած է Փութին:

Ան նշած է, որ Պաքուն ու Երեւանը կրցած են դադրեցնել Արցախի մէջ արիւնահեղութիւնը` հրաժարելով վայրկենական շահերէն, եւ այժմ անհրաժեշտ է պայմաններ ստեղծել շրջանին մէջ երկարաժամկէտ կարգաւորման համար:

Ան նշած է, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, քաղաքական իմաստութիւն դրսեւորեցին, երբ որոշեցին դադրեցնել Արցախի մէջ արիւնահեղութիւնը:

«Ի վերջոյ, նախագահ Ալիեւը եւ վարչապետ Փաշինեանը յաջողեցան դադրեցնել արիւնահեղութիւնը: Սակայն հարցը միայն այստեղ չէ, թէեւ մարդկային կեանքեր փրկելէ աւելի կարեւոր բան չի կրնար ըլլալ: Բայց եւ այնպէս, տակաւին կան կարեւոր երեւոյթներ, այն է` անհրաժեշտ պայմաններ ստեղծել ընդհանուր շրջանին մէջ երկարաժամկէտ լուծման համար: Այս պայմանները կրնան ստեղծուիլ միայն այն պարագային, եթէ երկու կողմերն ալ ընդունին ձեռք բերուած համաձայնութիւնները երկարաժամկէտ հեռանկարի մէջ, եւ երկու կողմերն ալ գնահատեն խաղաղ գոյակցութեան առաւելութիւնները. ասիկա կ՛ուզեմ ընդգծել: Եւ ասիկա բոլորին շահերէն կը բխի», ըսած է Փութին:

Ան մանրամասնած է, որ ատիկա կարելի է միայն այն պայմանով, որ Ազրպէյճանն ու Հայաստանը գնահատեն խաղաղ գոյակցութեան առաւելութիւնները: Այս պարագային, ընդգծած է Ռուսիոյ նախագահը, կարելի պիտի ըլլայ ապաշրջափակել շրջանի փոխադրամիջոցային ուղիներն ու տնտեսական կապերը, ինչ որ պայմաններ պիտի ստեղծէ երկու երկիրներու անվտանգութեան համար:

Նախորդը

Վարչապետարանին Մէջ Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին Տուած Այցելութեան Առիթով. Երեսփոխան Բագրատունի. «Դրական Նախանշաններ Կան Կառավարութեան Նիստերու Վերսկսման Գծով»

Յաջորդը

«Եւոպական Միութիւնը Կ՛ուսումնասիրէ Շրջանին Մէջ Խաղաղ Զարգացման Նպաստելու Կարելիութիւնները» Կ՛ըսէ Քլաար

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.