Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՍՊԱՆԻՈՅ ԵՒ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐԸ

February 14, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Դեսպան Կաֆօ եւ նախարար Սապունճեան

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Խուան Քարլոս Կաֆոն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Սպանիոյ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ ճարտարարուեստի մարզերուն մէջ փոխադարձ գործակցութեան աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ Լիբանանի եւ Սպանիոյ միջեւ ճարտարարուեստի մարզին վերաբերող ծրագիրներու քննարկումը` հիմնական նպատակ ունենալով բարելաւել լիբանանցի եւ սպանացի ժողովուրդներուն միջեւ մտերմիկ յարաբերութիւնն ու գտնել հասարակ յայտարարները:

Զուիցերիոյ դեսպանը եւ նախարար Սապունճեան

Հանդիպումին ընթացքին Վ. Սապունճեան եւ Կաֆօ քննարկեցին նաեւ փոխադարձ ցուցահանդէսներ կազմակերպելու կարեւորութիւնը եւ սերտելու իւրաքանչիւր երկրի շուկային կարիքները եւ այդ կարիքները հոգալու լիբանանեան ու սպանական ճարտարարուեստին կարողութիւնները:

Նախարար Սապունճեան եւ Սպանիոյ դեսպանը ընդգծեցին նաեւ երկու երկիրներու գործատէրերուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդումը եւ ներդրողներուն նոր առիթներ շնորհելու ազդակներու ստեղծումը:

Նախարար Սապունճեան ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Ռութ Ֆլինթը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս Լիբանանի եւ Զուիցերիոյ ճարտարարուեստի մարզերուն վերաբերեալ:

Նախորդը

ՓԼԱՄՊԼԻ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՄՄԱՐ ՄՈՒՍԱՈՒԻԻ

Յաջորդը

ՊԸՐՐԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱԼՊԱՆԱՑԻ ԻՐ ՊԱՇՏՕՆԱԿԻՑԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.