Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով զրուցած է Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի նախագահ Փեթեր Մաուրերի հետ: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Ըստ հաղորդագրութեան, Լաւրով եւ Մաուրեր հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին միտքեր փոխանակած են աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ ճգնաժամային արձագանգման նիւթերու շուրջ, ներառեալ Սուրիոյ, Աֆղանիստանի, Միանմարի, ներուքրանական եւ ղարաբաղեան հակամարտութիւններու գօտիներուն մէջ մարդասիրական կացութիւնը:
Զրուցակիցները պատրաստակամութիւն յայտնած են փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներու մէջ հետագայ արդիւնաւետ համագործակցութեան համար, քննարկած են Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի գործունէութեան աջակցելու կարելիութիւնները:



