Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիան Միակն Է, Որ Ծանրագոյն Շրջանին Հայաստանի Կողքին Կանգնեցաւ» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Դեսպանը

October 16, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիան միակ երկիրն է, որ գործնականին մէջ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին կողքին եղած է երկրին համար ծանրագոյն ժամանակաշրջանին մէջ` 2020 թուականի իրադարձութիւններուն ժամանակ: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի անկախութեան 30-ամեակին նուիրուած «Հայաստան եւ Ռուսիա. նոր ռազմավարութեան հրամայականը» նստաշրջանի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ:

«Այսօր է, որ աշխարհի տարբեր շրջաններու մեր գործընկերները կը փորձեն որեւէ բան գտնել, որեւէ բան ստանալ նոր փոխուող շրջանային իրողութիւններուն մէջ: Այն ժամանակ բոլորը հիմնականին մէջ համեստօրէն կը լռէին», ըսած է դեսպանը:

Ռուսիոյ դեսպանը նշած է, որ նոր իրողութիւնները երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ այլ մօտեցում կը պահանջեն:

Անոր կարծիքով` Հայաստանն ու Ռուսիան պէտք է մտածեն` ինչպէս ջնջել տարբեր ոլորտներու մէջ երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող անհաւասարակշռութիւնը:

Դեսպանին համաձայն, այսօր տարբեր ուժերու` տէրութիւններու եւ դաշինքներու պայքար տեղի կ՛ունենայ նոր աշխարհակարգի պայմաններուն մէջ սեփական դիրքերը ամրապնդելու համար:

«Այս պայմաններուն մէջ աւանդական դաշնակիցներու միջեւ դարերով ստուգուած յարաբերութիւնները առաւել եւս արդիական կը դառնան: Մենք` յամենայն դէպս, Հայաստանի ու Ռուսիոյ բնակչութեան մեծամասնութիւնը, շատ լաւ կը զգանք մեր յարաբերութիւններուն արժէքը, ատիկա մեր հասարակաց հարստութիւնն է, որ, վստահ եմ, կ՛օգնէ եւ պիտի օգնէ մեզի աւելի յաջող պաշտպանելու մեր շահերը այս բարդ աշխարհին մէջ, եզրափակած է դեսպանը:

Ան յիշեցուցած է, որ 2022 թուականին երկու երկիրները կրկնակի յոբելեան պիտի նշեն` դիւանագիտական յարաբերութիւններու 30-ամեակն ու Ռուսիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ բարեկամութեան, համագործակցութեան ու փոխադարձ օգնութեան համաձայնագիրի 25-ամեակը:

 

Նախորդը

Զախարովա Հայաստանի, Ռուսիոյ Եւ Ազրպէյճանի Հոգեւոր Ղեկավարներու Հանդիպումը Կը Նկատէ «Եզակի Ձեւաչափ»

Յաջորդը

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւն

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.