Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ֆրանսան Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Հետ Կ՛աշխատի Ղարաբաղի Վերաբերեալ Տեւական Համաձայնագիրի Ուղղութեամբ» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Դեսպանը

October 14, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսան Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու հետ կ՛աշխատի Ղարաբաղի վերաբերեալ տեւական համաձայնագիրի կնքման ուղղութեամբ, երէկ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի նոր նշանակուած դեսպան Անն Լույոն:

Դեսպանը մանրամասնութիւններ չէ յայտնած, սակայն անհրաժեշտ նկատած է ընդգծել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի բոլոր երեք համանախագահող երկիրներու այս հոլովոյթին մասնակցութիւնը:

«Տեղեակ էք, որ ես այստեղ` Հայաստանի մէջ մասնակից չեմ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի աշխատանքներուն: Գործընկեր ունիմ` Սթեֆան Վիսքոնթին, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին մէջ Ֆրանսայի ներկայացուցիչն է: Սակայն արդէն կրնամ ձեզի ըսել, որ Նիւ Եորքի մէջ տեղաշարժ արձանագրուած է, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի այլ համանախագահներու հետ հաճոյքով կազմակերպած ենք երկու (Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի) արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը: Ասիկա կրնայ փոքր քայլ թուիլ, սակայն հսկայական քայլ էր: Յոյսով ենք, նման կարգի այլ որոշումներ եւս կ՛ըլլան, եւ կրնամ ձեզի վստահեցնել, որ մենք մեր ռուս եւ ամերիկացի գործընկերներուն հետ կը գործենք, որպէսզի յառաջ մղենք Ղարաբաղի վերաբերեալ աւելի տեւական համաձայնագիրի կնքման միտուած հոլովոյթը», ըսած է դիւանագէտը:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի յստակացնող հարցումին, թէ պէ՞տք է սպասել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի աշխուժացումին, Ֆրանսայի դեսպանը պատասխանած է. «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը արդէն աշխուժացած է Նիւ Եորքի Մէջ, ինչպէս քիչ առաջ ձեզի ըսի: Մենք առանձին չենք: Կը կարծեմ, Հայաստանն ու Ազրպէյճանը պէտք է նոյնպէս շարժին»:

 

 

Նախորդը

Կառավարութեան Նիստը Շարունակուելու Փոխարէն Առկախուեցաւ. Այսօր Կը Նախատեսուին Բազմամարդ Ցոյցեր, Իսկ Լիբանանեան Դրամանիշը Կը Շարունակէ Անկում Արձանագրել

Յաջորդը

«Ահաբեկիչները Շուտափոյթ Կերպով Պէտք Է Անհետանան. Մենք Կրնանք Կտրուկ Քայլեր Կատարել» Կ՛ըսէ Իրանի Ընդհանուր Դատախազը

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.